Ը. Դասարան Հայերէնի Աշխատանք

Եղեռնի ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ աշխատանքներուն ծիրէն ներս՝ Ը. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահերուն ընթացքին ներկայացուցին յատուկ աշխատանքներ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը պէտք էր ներկայացնէր Ցեղասպանութեան զոհուած գրագէտ մը, կամ վրիժառու արարքի մը հեղինակը եւ կամ յետ Եղեռնի սփիւռքահայ առաջին սերունդէն գրագէտ մը։ Աշակերտները բծախնդրութեամբ աշխատած ու տեղեկութիւններ հաւաքած էին։ Անոնք երեք պահերու ընթացքին, իրենց աշխատանքները ներկայացուցին իրենց դասընկերներուն։

Քայլարշաւ Ցեղասպանութեան 99ամեակի առիթով

Ցեղասպանութեան 99ամեակի առիթով վարժարանի աշակերտները մասնակցեցան Անթիլիասի Նահատակաց Մատռան դիմաց կազմակերպուած ձեռնարկին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան: Է. դասարանէն վեր՝ բոլոր աշակերտները քայլարշաւով մը հասան Անթիլիասի մայրավանք, ուր հերկայ եղան հոգեհանգստեան արարողութեան եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին վարժարանին անունով:

Զատիկ

Զատկուան արձակուրդին նախօրեակին վարժարանի աշակերտները այլազան ձեւերով տօնեցին Զատիկը։ Առաջին հերթին բոլոր աշակերտները Ս. հաղորդութիւն առին վարժարանէն ներս ու նախաճաշելէ ետք՝ տարբեր ծրագիրներ իրականացուցին։ Ա.-Զ. դասարանները շարժապատկերի սրահ այցելեցին ու հաճելի ժապաւէն մը դիտեցին։ Է. կարգը այցելեց Ծովային Հրաշալիքներու թանգարանը։ Ը.ի աշակերտները դպրոցէն ներս մնալով խաղեր խաղացին։ Իսկ Թ. դասարանը  Le Mall այցելեց եւ ճաշեց։ […]

Արտասանական Մրցում Ը. Դասարան

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլին, Ը. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան արտասանական մրցումի մը։ Հայերէնի ուսուցչուհիին նախաձեռնութեամբ՝ Ը.1 եւ Ը.2 դասարանները կազմակերպեցին արտասանական մրցում մը, որուն մասնակցեցան երկու դասարաններէն 9 աշակերտներ.- Ռիթա Քերթէնեան, Քարէն Այվազեան, Ռիթա Չոպանեան, Նարէ Մոմճեան, Դուին Էքշեան, Լոռի Միթիլեան, Կարէն Գազանճեան, Պարոյր Գույումճեան եւ Յարութ Մարկոսեան։ Իւրաքանչիւր աշակերտ նախ ասմունքեց պարտադիր կտորը՝ Պարոյր Սեւակի «Երեւան […]

Մարդասիրական Օրինակելի Արարք

Զ. դասարանի աշակերտները՝ կրօնի դասապահերուն ընթացքին սորված սկզբունքները գործնականի վերածեցին Չորեքշաբթի օր, երբ իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Գարակէօզեան հաստատութիւնը։ Շաբաթներու ընթացքին, աշակերտները իրենց ունեցած առօրեայ գումարներէն մէկդի դրած՝ յաջողեցան ապահովել կոկիկ գումարներ եւ Զատկուան առիթով հագուելիք գնեցին Գարակէօզեանի իրենց ընկերներուն։ Հաստատութեան մէջ անոնք ծանօթացան Գարակէօզեանի առաքելութեան եւ աշխատանքին, խաղացին, հանդիպեցան փոքրիկներուն եւ իրենց նուէրները յանձնեզէ […]

Զ. Դասարանը Կ’այցելէ Ծովային Թանգարան

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլին Զ. դասարանի աշակերտները՝ իրենց գիտութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժտէյտէ գտնուող ծովային հարստութիւններու թանգարանը, ուր ծանօթացան բրածոյ եւ ապրող ծովային արարածներու։

Տարեկան Կալա-Ընթրիք

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի տարեկան ընթրիքը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 28 Մարտին, Le Royal պանդոկէն ներս՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի:

Արցախցի Պատանի Երաժիշտներ

  Արցախցի Պատանի Երաժիշտներու Այցելութիւնը
  Կազմակերպութեամբ Արցախ Ֆոնտին՝ Հինգշաբթի, 13 Մարտին