Թարգմանչաց Տօն 2014-15

Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2014-ին, Քոլէճի Նախակրթարանը պատշաճ կերպով նշեց Թարգմանչաց Տօնը: Արդարեւ, աշակերտները հանդէս եկան հայերէն լեզուի փառքը հիւսող ասմունքներով ու երգերով: Զ. դասարանը ներկայացուց թատրոն մը, որուն ընդմէջէն աշակերտները ծանօթացան Հայ Գիրերու Գիւտի զանազան հանգրուաններուն եւ Մեսրոպ Մաշտոցի ու Սահակ Պարթեւի կատարած անզուգական աշխատանքին: Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Քոլէճի հայերէն լեզուի համադրող՝ օրդ. Թալին Օրտողլեանը: […]