Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի հանդէս

Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը կը յուշէին, թէ հանդէսի կեդրոնական նիւթը՝ ամառնային արձակուրդն էր՝ հերոսական Արցախի Մէջ: Կոկոն դասարանի աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին՝ Լիբանանի, Հայաստանի ու Քոլէճի քայլերգներով, իսկ Ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ կատարեցին բացման խօսքը: Գոյնզգոյն տարազներով բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները, ուրախութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն սրտերը: Անոնք, իրենց բեմական […]