Տիկնանց Յանձնախումբին կազմակերպած Ճաշկերոյթ

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017-ին, վերամուտի առիթով Քոլէճիս Տիկնանց Յանձնախումբին կազմակերպած Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի «Քարքէթ Էլ Հաժ» ճաշարանին մէջ, նախագահութեամբ քոլէճի ծնողք Տիկին Մեղրի Արսլանեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, հաստատելով՝ թէ ձեռնարկը, կը միտի հաճելի մթնոլորտով մը համախմբել ծնողներն […]