Տիկնանց Յանձնախումբին կազմակերպած Ճաշկերոյթ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017-ին, վերամուտի առիթով Քոլէճիս Տիկնանց Յանձնախումբին կազմակերպած Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի «Քարքէթ Էլ Հաժ» ճաշարանին մէջ, նախագահութեամբ քոլէճի ծնողք Տիկին Մեղրի Արսլանեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, հաստատելով՝ թէ ձեռնարկը, կը միտի հաճելի մթնոլորտով մը համախմբել ծնողներն ու բարեկամները, միաժամանակ իր հասոյթով օգտակար դառնալու քոլէճին:
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահութիւնը ստանձնած Տիկին Մեղրի Արսլանեանին, Տիկնանց յանձնախումբի տիկիններուն եւ բոլոր անոնց որոնց ներդրումով իրագործուած է ճաշի ձեռնարկը, ապա բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ Տիկին Մեղրի Արսլանեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ ներկաներուն:
Տիկին Արսլանեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն կատարուած նախագահութեան առաջարկին համար, շեշտելով՝ թէ ինք ուրախութեամբ ընդունած է առաջարկը, նկատի առնելով, որ իր զաւակը կը յաճախէ այս քոլէճը եւ ինք մօտէն ծանօթ է քոլէճի առաքելութեան: Ան բարձր գնահատեց քոլէճէն ներս կատարուող աշխատանքը ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոր:
Ապա, իր սրտի խօսքը փոխանցեց քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ նախ բարի գալուստ ու հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնանց յանձնախումբին իր տարած կամաւոր ու աշխոյժ գործունէութեան համար: Ապա, ան համառօտ կերպո նշեց քոլէճի վերջին տարիներու արձանագրած յաջողութիւնները,՝ կրթական, հայագիտական, մարզական թէ այլ բնագաւառներէ ներս:
Տնօրէնը նաեւ անդրադարձաւ քոլէճի մէջ անընդհատ իրագործուող ծրագիրներուն, շեշտելով որ քոլէճը իր կողքին չունի մեծ բարերար մը, որ հոգայ իր բոլոր ծախսերը, այլ ունի քոլէճի առաքելութեան հաւատացող անձեր, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով նեցուկ կը կանգնին անոր: Պրն. Ղազարեան բացատրեց, թէ Տիկնանց Յանձնախումբը իր այս տարուան ձեռնարկներուն հասոյթը որոշած է յատկացնել քոլէճի խոհանոցի հիմնովին նորոգութեան: Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին, յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած անհատներուն ու ներկաներուն, հաստատելով՝ թէ հայ դպրոցին հաւատացող մեծ մայրերով ու մայրերով կարելի է ապահովել հայեցի դաստիարակութեան փոխանցումը սերունդէ սերունդ:
Ապա, տնօրէնն ու տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհին՝ Տիկ. Մեղրի Արսլանեանին նուիրեցին երախտագիտութեան յուշանուէր մը:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Քոլէճի նախակրթարանի Դ. եւ Ե. դասարանները պարերով եւ ապա Ե. դասարանը ազգագրական երգերու շարանով:

Խօսք առաւ սննդագէտ Օրդ. Հուրի Պապահէքեան, որ ներկաներուն բացատրեց, թէ ինչպէ՞ս անոնք կրնան հոգ տանիլ իրենց զաւակներու սնունդին:

Օրդ. Լիւսի Չամսարեան, իր ջութակի նուագով ճոխացուց ձեռնարկը, հաճելի ունկնդրութեան պահեր պարգեւելով ներկաներուն:

Ապա տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւնը: Նշենք, թէ այս առիթով Տիկնանց Միութիւնը Հայաստանէն ներածած էր գեղեցիկ նուռերու զարդեր եւ օրուան բախտաւորը ստացաւ Տիկին Սիլվա Յակոբեան Մելքիսէթեանի գործերէն գեղեցիկ գծանկար մը: Տիկին Սիլվան եւս խօսք առնելով համառօտ կերպով ներկայացուց իր գծանկարին իմաստը:
Մթնոլոտէն խանդավառուած, տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ:
Ձեռնարկի աւելի քան 250 ներկաները մեկնեցան սրահէն, իրենց գոհունակութիւնը այտայայտելով տարուած աշխատանքին համար:

Քոլէճի տնօրէնութեան եւ Տիկնանց Յանձնախումբի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ իրենց նիւթական օժանդակութեամբ ու իրենց ներկայութեամբ քոլէճին նեցուկ հանդիսացած բոլոր ներկաներուն եւ նուիրատուներուն:


Categories: