Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի 2018-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի 2018-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը Ուրբաթ, 22 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Քոլէճի Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ կայացաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ՝ Տէր Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեանի, Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Տիար Աւետիս Կիտանեանի, Ազգային Իշխանութեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական […]

Մանկապարտէզի Հանդէս 2018

Կիրակի, 10 Յունիս 2018-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը ներկաները փոխադրեցին Հայաստանի մայրաքաղաքի հրապարակը, ուր ներկայացուեցաւ «Լոռին ու Մեղրին Հայաստանի մէջ» խորագրուած հանդէսը: Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին՝ Լիբանանի, Հայաստանի ու Քոլէճի քայլերգներով, եւ Սարդարապատ յաղթերգով, իսկ Ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ կատարեցին բացման խօսքը, բարի […]

«Սերունդնե՜ր, Դուք Ձեզ Ճանաչէ՛ք Սարդարապատից» գեղարուեստական ձեռնարկ

Ուրբաթ, 1 Յունիս 2018ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, քոլէճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի՝ «Սերունդնե՜ր, Դուք Ձեզ Ճանաչէ՛ք Սարդարապատից» գեղարուեստական ձեռնարկը, նուիրուած՝ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 100 Ամեակին: Քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ քոլէճի երկրորդականի ուսանողուհի Կալի Աւագեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ օրուան բանախօս եւ քոլէճի դասատու Պրն. Կարօ Յովհաննէսեան, որ անդրադարձաւ Մայիսեան […]

Թարգմանչաց տօն

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի կրթական իւրաքանչիւր օղակը իր ոճով նշեց Թարգմանչաց տօնը ու անդրադարձաւ անոր արժէքին: Միջնակարգ եւ Երկրորդականի Թարգմանչաց Տօնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր, 2017ին: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժ. դասարանի աշակերտուհի Կալի Աւագեան, որ շեշտեց թէ Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտը հայապահպանումի ու գոյատեւման համար անհրաժեշտ քայլն էր: Ռուբէն Մարտիրոսեան, Շուշի […]

Տիկնանց Յանձնախումբին կազմակերպած Ճաշկերոյթ

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017-ին, վերամուտի առիթով Քոլէճիս Տիկնանց Յանձնախումբին կազմակերպած Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի «Քարքէթ Էլ Հաժ» ճաշարանին մէջ, նախագահութեամբ քոլէճի ծնողք Տիկին Մեղրի Արսլանեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, հաստատելով՝ թէ ձեռնարկը, կը միտի հաճելի մթնոլորտով մը համախմբել ծնողներն […]