Կիրակի, 10 Յունիս 2018-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը ներկաները փոխադրեցին Հայաստանի մայրաքաղաքի հրապարակը, ուր ներկայացուեցաւ «Լոռին ու Մեղրին Հայաստանի մէջ» խորագրուած հանդէսը:
Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին՝ Լիբանանի, Հայաստանի ու Քոլէճի քայլերգներով, եւ Սարդարապատ յաղթերգով, իսկ Ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ կատարեցին բացման խօսքը, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն:
Եռագոյն տարազներով բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները, որոնք, իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` մերթ բեմէն իրենց ծնողները փնտռելով ու մերթ պարելով եւ ուրախութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն սրտերը:
Ապա, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին թատրոնը, որ զրոյց մըն էր հայրենիքի խորհրդանիշ Արարատ լերան հետ, ապա հայկական տարազներով հանդէս եկան «Իմ Չինարի Եարը» պարով: Իւրայատուկ էր Բողբոջ դասարանի պարը, երբ անոնք իբրեւ տիկնիկներ դուրս եկան խաղալիկի տուփերէն ու ներկայացուցին «Հայկական Տիկնիկներու Պարը»: Կոկոն դասարանները յաջորդաբար ներկայացուցին «Ժպտա՛» ու «Հայաստան Ջան» պարերը, Բողբոջները՝ «Կարմիր, Կապոյտ, Ծիրանագոյն» պարը մինչ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մէջընդմէջ հանդէս եկան թատերական պատկերներով, Հայկական պարով ու Էրզրումի շորորով, ապա, անոնք «Այ Այլուղս» երգի ընկերակցութեամբ՝ եռագոյն ծաղիկներով զարդարուած օղակներով ներկայացուցին գեղեցիկ չափական պար մը եւ հարուածային գործիքներու կատարումով՝ չափական նուագ մը:
Ապա Ծաղիկ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան «Հայրենիք», «Գովք Հայրենիքիս» եւ «Եռագոյն Ծիածան» երգերով փակելով հանդէսի գեղարուեստական բաժինը:
Ապա, շրջանաւարտ փոքրիկները՝ իրենց վկայականի տարազներով ու իրենց ձեռքին ունենալով դպրոցին կողմէ իրենց տրամադրուած ընտանեկան լուսանկարները, տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ, բեմ հրաւիրելով նաեւ իրենց մայրերը, եւ իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութին՝ այդ նկարները տուին իրենց ծնողներուն:
Քոլէճի տնօրէն Զօհրապ Ղազարեան խօսք առնելով հաստատեց, թէ 100 տարիներ ապրելով հանդերձ հայաստանէն դուրս, Հայ ժողովուրդը չկորսնցուց իր ինքնութիւնը, որովհետեւ սնուեցաւ իր հայրենիքով եւ ուր ալ որ գտնուեցաւ, կերտեց փոքր Հայաստան մը: Պրն. Ղազարեան հաստատեց, թէ Անկախութեան հարիւրամեակի տարին մեծ շուքով նշուեցաւ Եղիշէ մանուկեան Քոլէճին մէջ եւ այդ յաղթական ոգին տիրած էր նաեւ մանկապարտէզէն ներս, ուր փոքրիկները եւս ծանօթացան իրենց յաղթական անցեալին ու հպարտացան իրենց ինքնութեամբ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քոլէճի մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն, որոնց պրպտող մտքին ու ջանասիրութեան շնորհիւ, մանկապարտէզէն ու մանկամսուրէն ներս, անցնող տարեշրջանի ընթացքին կիրարկուած են նոր ու հետաքրքրական աշխատանքի ձեւեր, որոնց արդիւնքը յստակ եղած է թէ՛ տնօրէնութեան ու թէ՛ ծնողներուն:
Ապա, տնօրէնը բեմ հրաւիրեց քոլէճի վերջին երեք տարիներու վարիչ մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Մարալ Էքմէքճեանը, հաստատելով, որ ան ժամանակաւորապէս ստանձնած իր մանկապարտիզպանուհիի ծանր բեռը կատարած է ձեռնհասութեամբ ու բարեխղճութեամբ մինչեւ նոր մանկապարտիզպանուհիի նշանակումը: Ապա, տնօրէնը յայտարարեց, որ մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը պիտի փոխանցուի Տիկին Լուսին Գազանճեանին:
Ապա, նորանշանակ մանկապարտիզպանուհին ծաղկէփունջով մը մանկապարտէզի երախտագիտութիւնը յայտնեց Տիկին Մարալ Էքմէքճեանին:
Ապա տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ, Տէր Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեանը, որպէսզի տնօրէնին ու գործադիր մանկապարտիզպանուհին հետ կատարեն վկայականներու բաշխումը:
Վկայականներու բաշխումէն ետք խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ հաստատեց, թէ մանկապարտէզի հանդէսի ներկայ գտնուիլը մեծ ուրախութիւն պատճառող առիթ է ու գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ի՛նք եւս մասնակից է այդ ուրախութեան, ու աւելցուց. «Հայ դպրոցը ամէնէն ապահով միջավայրն է ձեր զաւակներուն համար, որոնք այս յարկէն ներս կը պատրաստուին վաղուան կեանքին համար: Այս տարուան հանդէսը արդարօրէն ձօնուած էր Հայաստանի Ա. Անկախութեան 100 ամեակին : Հայ դպրոցը ի սէր հայաստանին ու հայութեան գործող այն միջնաբերդն է, որ տարուէ տարի նոր հունձքերով մեզ առաւել եւս կ՛ամրացնէ մեր կեանքէն ներս, որպէսզի մեր հայրերու հաւատքով շարունակենք աշխարհի տարածքին ապրիլ հայօրէն եւ ազգային արժէքներով ի սէր եւ ի խնդիր Հայաստանի»:
Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ Հայ դպրոցին, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, ծնողներուն ու ժողովուրդին գիտակցութեան շնորհիւ եւ իր արտադրած հունձքով խոր յոյս կը ներշնչէ մեր կեանքն: Ապա, Սրբազան հայրը մաղթեց, որ Աստուած պահէ ներկաներուն ընտանիքներն ու զաւակները,անսասան պահէ հայաստանն ու օրհնէ Հայ ժողովուրդը ամէնուրէք:
Հանդէսը վերջ գտաւ հրավառութեամբ:
Մանկապարտէզի վկայական ստացան՝
Ծաղիկ
Այվազեան Մարիա
Արսլանեան Ֆիմի
Գույումճեան Ալիք
Գույումճեան կալիա
Գոլաքճեան Դալար
Խաչատուրեան Սինթիա
Կապոնեան Կրէյս
Ճիհանշահեան Անի
Մաճարեան Ալիք
Մկրտիչեան Սէրլի
Արժինեան Նժդեհ
Բարսեղեան Ժոզէ
Հասէքեան Քրիսթոֆըր
Մելքոնեան Քրիս
Պետիկեան Ճոն
Սապունճեան Սագօ
Ստեփանեան Կարս
Մանկապարտէզի Հանդէս 2018
Categories: 2017/2018