«Սերունդնե՜ր, Դուք Ձեզ Ճանաչէ՛ք Սարդարապատից» գեղարուեստական ձեռնարկ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ուրբաթ, 1 Յունիս 2018ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, քոլէճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի՝ «Սերունդնե՜ր, Դուք Ձեզ Ճանաչէ՛ք Սարդարապատից» գեղարուեստական ձեռնարկը, նուիրուած՝ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 100 Ամեակին: Քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ քոլէճի երկրորդականի ուսանողուհի Կալի Աւագեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ օրուան բանախօս եւ քոլէճի դասատու Պրն. Կարօ Յովհաննէսեան, որ անդրադարձաւ Մայիսեան անկախութեան կերտման հրաշքին ու ըսաւ. «Պատմական ցեղային յատուկ ուժ մը յայտնուեցաւ 1918֊ի Մայիսեան ազատամարտին ընդմէջէն և միացուց հայկական փրթած բեկորները և ամէնէն ողբերգական պայմաններուն տակ, բոլոր աւերներուն դիմաց ազգային հպարտանքի և գիտակցութեան կրակը վարեց Հայ ժողովուրդին մէջ»։ Պրն. Յովհաննէսեան անդրադարձաւ 1920-էն 1990 ժամանակահատուածին, երբ առաջին անկախութիւնը դուրս բերուած էր գիրքերէն ու դարձած խծբծանքի առարկայ, սակայն այնպէս ինչպէս ճառագայթ մը, նոյնպէս ալ կարելի չէր եղած գերեզմանել եռագոյնը, զինանշանը, քայլերգը և անկախութեան յարակից արժէքները. ան աւելցուց- «100 տարի ետք մենք կը տօնենք Մայիս 28֊ը, իբրև ճշմարտութեան, բռունցքի ու արեան յաղթանակ»։ Ապա, Պրն. Յովհաննէսեան հաստատեց՝ թէ անկախութիւնը հիմնովին կերպարանափոխած ու հոգեփոխած է Հայ ազգային կեանքը. ան թուեց այն բոլոր արժէքները, զոր անկախութիւնը տուաւ Հայ ժողովուրդին, ինչպէս՝ պետականութիւն, ազգային բանակ, զինանշան ու դրօշակ, ինչպէս նաև կառուցեց արհեստանոցներ ու գործարաններ, ջրանցքներ, հաղորդակցութեան միջոցներ, հիւանդանոցներ, դպրոցներ ու երաժշտանոցներ և այս բոլորը՝ ոչ աւելի քան 3 տարուան կեանքին ընթացքին։ Ապա ընթացք առաւ ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը, ուր պապիկի մը ու իր թոռան միջեւ տեղի ունեցող զրոյցի մը ընդմէջէն ներկայացուեցան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման նախորդող դժուարին պայմանները եւ անկախութեան առթած հապարտութիւնն ու երջանկութիւնը ժողովուրդին մօտ: Երգախառն եւ պարախառն այս թատերական պատկերին ընթացքին աշակերտներ մէջբերումներ կատարեցին բանաստեղծական կտորներէ, ինչպէս նաեւ՝ ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան, լայն պաստառի վրայ, ցուցադրուեցան նիւթին ընթացքը ներկայացնող պատկերներ: «Հայ Ենք Մենք» պարով մեծաթիւ աշակերտներ բեմ բարձրացան փոխանցելով Հայու ապրելու կամքն ու վճռակամութիւնը, ապա երգաչխումբը հանդէս եկաւ հայրենասիրական երգերու շարանով, որ կ՛ընդգրկէր՝ «Մշեցի Մօր Երգը», «Արիւնոտ Դրօշ», «Կովկասի Քաջեր», «Մուշ» եւ «Գետաշէն» ազգային երգերը, որոնց երգեցողութեան ընթացքին ներկաներուն բաժնուեցան եռագոյն դրօշներ, զիրենք եւս մասնակից դարձնելով անկախութիւնը ապրելու հրճուանքին: Ապա, աշակերտական պարախումբը ներկայացուց «Զարթօնք» պարը, որ կը ներկայացնէր Հայ ժողովուրդի զարթօնքը եւ վեց դարերու ստրկութեան թօթափումը, որու յաջորդեց Անկախացած հայրենիքի ժողովուրդին խանդավառութիւնն ու հրճուանքը՝ «Նիննօ» պարով: Ապա, «Ո՛չ, չե՛ն մեռնում հերոսները», երգով աշակերտները իրենց յարգանքը մատուցեցին անկախ Հայաստանի ստեղծման ճանապարհին ինկած հերոսներուն. յետոյ, ներկայացուեցաւ Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան հռչակումը եւ երգչախումբը երգեց Հայաստանի Հանրապետութեան Քայլերգը, որու ընթացքին փոքր աշակերտները զինուորական կշռոյթով տողանցեցին դէպի բեմ: Քայլերգին յաջորդեց «Գարեգին Նժդեհի Երգը»: Թատերական պատկերի վերջին բաժինով ներկայացուեցան Հայաստանի անկախութեան յաջորդող տասնամեակներու տօնախմբութիւնները, հասնելով մինչեւ մեր օրերը, որու ընթացքին աշակերտները ներկայացուցին «Ջա՜ն Հայաստան» երգն ու «Հանինա» եւ «Սարդարապատ» պարերը: Փակման խօսքով հանդէս եկաւ քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ իր հպարտութիւնը յայտնեց ի տես հայրենիքի բարգաւաճ ներկային ու աւելցուց. «Ո՞ր գիտակից Հայը հպարտ չի զգար դրախտավայր այն հայրենիքին ի տես, ուր Էրեբունիէն Սարդարապատ՝ ոսկի գծով կը կապուին մեր անցեալն ու ներկան, մեր հնադարեան փառքը՝ մեր վերածնած հայրենի իրականութեան»: Ան իր հպարտութիւնը յայտնեց նաեւ սփիւռքի գոյատեւման միջնաբերդերը հանդիսացող հայկական դպրոցներուն ու անոնց կազմերուն եւ զօրավիգ կանգնող խնամակալութիւններուն ու նոյնիսկ զայն շինիչ կերպով քննադատողներուն համար ու իր խօսքը եզրափակեց ըսելով.-« Աս ենք մենք. Բեկոր մը մեր աշխատասէր ու պայքարող ժողովուրդէն»: Ձեռնարկի աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ հաստատեց, թէ ազատութիւնը արժէք է ժողովուրդներու կեանքէն ներս ընդհանրապէս, իսկ Հայաստանի պարագային ան կրկնակի արժէք կը ստանայ նկատի առնելով, որ որբերու եւ գաղթականներու օրրան դարձած երկիր մը ոտքի կանգնեցաւ, որպէսզի մահու կենաց պայմաններու մէջ իր ապրելու իրաւունքը իր պատուով հաստատէ իր պապենական հողերուն վրայ: Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, թէ Հայոց պատմութեան տխուր ու արիւնալի էջերուն կողքին կան սխրալի եւ ուրախալի դէպքեր, ինչպէս Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը, որոնք հպարտութիւն կը պատճառեն: Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ Աստուած օրհնէ ու պահէ Հայկական վարժարանները, ու Հայ ժողովուրդի զաւակները, «որպէսզի միահամուռ հաւատքով, կամքով ու նուիրումով օր մը բոլորուինք մեր հայրենի աշխարհէն ներս, այնտեղ ապրելու համար ազատութեան քաղցրութիւնը, մեր պապենական հողերուն վրայ»: Փակումը կատարուեցաւ «Սարդարապատ» Յաղթերգի երգեցողութեամբ, ոգեւորումի ու հպարտութեան պահեր առթելով ներկաներուն


Categories: