«Երթեւեկի Ապահովութիւն» նախազգոյշական արշաւ

Ուրբաթ, 31 Մարտին, քոլէճէն ներս, երկրորդականի աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ` տնօրէնութեան առաջարկով Լիբանանի Ներքին Ապահովական Ուժերու կազմակերպած՝ «Երթեւեկի Ապահովութիւն» նախազգոյշական արշաւին: Հինգ ժամերու վրայ երկարած ծրագիրը, որ կը ներկայացուէր Լիբանանի Ներքին Ապահովական Ուժերու եօթը անդամներու կողմէ, կ՛ընդգրկէր 6 բաժանմունքներ՝ -Երթեւեկի կանոնները, -Երթեւեկի նշանները, -Ալքոլի ազդեցութիւնը, -Ինքնաշարժի ապահովութեան գօտիին դերը, – Հրշէջ սարքը, եւ -Երթեւեկի ապահովութեան մասին տեսերիզ […]

Ուսուցչաց Տօն

Աւարտական դասարանի կողմէ պատրաստուած Ուսուցչաց Տօնի նշումը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ունենալով ունեցաւ գեղարուեստական բաժին եւ հիւրասիրութիւն:

Մանկապարտէզի բարեկենդան

Քոլէճի մանկապարտէզի աշակերտութիւնը դիմակներով, խաղերով ու հատիկի հիւրասիրութեամբ նշեց Բարեկենդանի տօնը:

Միջնակարգի բարեկենդան

Միջնակարգի աշակերտները, իրենց դաստիարակներով, Չորեքշաբթի, 22 Փետրուարի երեկոյեան, նշեցին Բարեկենդանի տօնը: Աշակերտները ծպտուած ներկայացան ձեռնարկին, տօնը ներկայացնող բացման խօսքէն ետք դիտեցին իրենց դասընկերներուն կողմէ ներկայացուած թատրոնը եւ Վարդանանցի խորհուրդը փոխանցող power point մը, ապա միասնաբար խաղացին, համեղ ուտելիքներ ճաշակեցին եւ ակլատիզ պատրաստեցին: Լաւագոյն ծպտուողները ստացան նուէրներ:

Բուն բարեկենդանի պարահանդէս

Շաբաթ, 25 Փետրուարի երեկոյեան, Քոլէճի Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած «Բուն Բարեկենդան»ի ձեռնարկը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Ծովիկ Գէորգեանը, որ բարի գալուստ ու հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն, որոնք մեծ սիրով պատրաստած էին պարահանդէսի ճաշերը: Ապա, քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան […]