«Երթեւեկի Ապահովութիւն» նախազգոյշական արշաւ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ուրբաթ, 31 Մարտին, քոլէճէն ներս, երկրորդականի աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ` տնօրէնութեան առաջարկով Լիբանանի Ներքին Ապահովական Ուժերու կազմակերպած՝ «Երթեւեկի Ապահովութիւն» նախազգոյշական արշաւին: Հինգ ժամերու վրայ երկարած ծրագիրը, որ կը ներկայացուէր Լիբանանի Ներքին Ապահովական Ուժերու եօթը անդամներու կողմէ, կ՛ընդգրկէր 6 բաժանմունքներ՝ -Երթեւեկի կանոնները, -Երթեւեկի նշանները, -Ալքոլի ազդեցութիւնը, -Ինքնաշարժի ապահովութեան գօտիին դերը, – Հրշէջ սարքը, եւ -Երթեւեկի ապահովութեան մասին տեսերիզ մը: Արդարեւ, երկրորդականի աշակերտները 6 խումբերու բաժնուած, քոլէճի զանազան բազանմունքներուն մէջ յաջորդաբար ներկայ գտնուեցան այս նիւթերու ներկայացման. ծանօթացան երթեւեկի կանոններուն եւ նշաններուն, տեսան հրշէջ սարքի անհրաժեշտութիւնը եւ սորվեցան զայն գործածելու ձեւը, ալքոլի ազդեցութիւնը աւելի լաւ հասկնալու համար, յատուկ ակնոցներ կրելով փորձեցին քալել գիծի վրայ եւ հաստատեցին, թէ որքան դժուար է գիծը պահելը, փորձարկեցին նուազ քան 20 քմ արագութեամբ քշուող ինքնաշարժի արկածը եւ զգացին ինքնաշարժի ապահովութեան գօտիին անհրաժեշտութիւնը. ապա դիտեցին այս բոլորը համալրող տեսերիզ մը: Օրուան աւարտին, մասնակից աշակերտները գոհունակութեամբ հաստատեցին, թէ ընդհանուր աշխատանքը հետաքրքրական էր ու շահեկան: Անոնք խոստացան իրենց սորվածները կիրարկել իրենց առօրեայ կեանքին ընթացքին եւ յատկապէս ղեկին ետին:


Categories: