Շաբաթ, 25 Փետրուարի երեկոյեան, Քոլէճի Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած «Բուն Բարեկենդան»ի ձեռնարկը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Ծովիկ Գէորգեանը, որ բարի գալուստ ու հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն, որոնք մեծ սիրով պատրաստած էին պարահանդէսի ճաշերը:
Ապա, քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան խօսք առնելով գոհունակութիւն յայտնեց, որ քոլէճի բարեկամները շաբաթներ առաջ ընդառաջելով հրաւէրին, սպառած էին տոմսերը ու քաջալերած՝ ձեռնարկը:
Ան մաղթեց, որ բոլորը գիտակցին հայկական աւանդութիւններու պահպանման կարեւորութեան եւ տուներէն ներս եւս, ընտանիքները հաւաքուին Բարեկենդանի սեղաններուն շուրջ:
Ան գնահատեց նաեւ տիկնանց միութեան տիկիններու խանդավառ ներդրումը, քոլէճի ընկերային առօրեային մէջ:
Հանրայայտ երգիչ Յակոբ Մկրտիչեան ճոխ երգերով խանդավառեց ներկաները, իսկ դադարին ներկաներուն կը սպասէր անակնկալ մը. Լիբանանեան հանրածանօթ Dancing With the Stars յայտագրի աստղերը՝ Ասատուր Էօրէճեան եւ Զէյնա Ասսաֆ ներկայացուցին երկու պար, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ երեկոն իր լրումին հասաւ ազգային երգերով: