Մեր պարախումբերուն պատուաբեր արդիւնքները

Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ, 2017-ին, «Եունէսքօ»ի բեմայարդակին վրայ, Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի երկու պարախումբերը մասնակցեցան Լիբանանի Կրթական Նախարարութեան կազմակերպած միջ-դպրոցական պարի մրցանքին: Արդարեւ, ամիսներու վրայ երկարող փորձերէ ետք, քոլէճի երրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու պարախումբերը , քոլէճի պարի դասատու՝ Տիկ. Անի Կոստանեանի բծախնդիր ու հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ, անգամ մը եւս բեմ բարձրացան, հայ թէ օտար հանրութեան ներկայանալով […]