Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի 2018-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը
Ուրբաթ, 22 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Քոլէճի Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ կայացաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ՝ Տէր Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեանի, Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Տիար Աւետիս Կիտանեանի, Ազգային Իշխանութեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, քոլէճի՝ խնամակալութեան, Տիկնանց յանձնախումբի եւ Շրջանաւարտից միութեան անդամներուն, ուսուցիչներուն, աւարտական դասարանի աշակերտներու ծնողներուն ու հարազատներուն:
Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլէճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք աւարտականի աշակերտները սրահի զանազան բաժիններէն երգելով ու պարելով բեմ բարձրանալով ներկայացուցին «Թող Ծածանուի Եռագոյնը» կտորը: Կարէն Գազանճեան մեկնաբանեց «Մշեցի Մօր Երգը» եւ «Վաղ թէ Ուշ» երգերը, ընկերակցութեամբ Մուշեղ Յովհաննէսեանի (դաշնակ), իսկ Սէրուժ Խանճիհանեան (կիթառ), Յովիկ Ադամեան (կիթառ) եւ Յովհաննէս Տէմիրճեան (տհոլ) ներկայացուցին հայկական մեղեդիներու շարք մը: Ապա, աւարտականները խմբային ասմունքի ընդմէջէն ներկայացուցին Սիամանթոյի, Գ. Էմինի եւ Գեղամ Գեղակի բանաստեղծութիւններէն: Բալիկ Կիւլեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Հայոց Աշխարհ»ը, իսկ Լոռի Միթիլեան, Աննա Մարիա Տէմիրճեան եւ Ալոնտրա Սիուֆի ներկայացուցին գեղեցիկ նազպար մը, ապա շրջանաւարտները երգեցին «Սարդարապատ» եւ «Վերջին Զանգ» երգերը: Ցուցադրուեցաւ աւարտականներուն դպրոցական կեանքն ու յիշատակները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, ԺԱ. կարգի կողմէ ողջերթի խօսքը ընթերցեց Ռուբէն Էվինկիւլեան: Ան իր դասընկերներուն կողմէ խոստացաւ շարունակել շրջանաւարտ սերունդի առաքելութիւնը, մաղթելով՝ որ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճը, պաշտօնէութիւնը, ուսուցչական կազմն ու դասընկերները մնան անոնց սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ եւ անոնք կարենան իրագործել իրենց բոլոր իղձերն ու փափաքները: Ապա, ան շրջանաւարտներուն մաղթեց յաջողութիւն ու բարի երթ:
Արաբերէն ուղերձը ընթերցեց Լոռի Կարապետ: Ան ողջունելէ ետք ներկաները նշեց, թէ դպրոցը այն սանդուխն է, ուրկէ աշակերտները կը բարձրանան դէպի ապագայ: Ան հաստատեց, որ թէեւ դասընկերները իրար հանդիպած են պատահականօրէն, սակայն անոնք տարիներու ընթացքին դարձած են ընտանիք, հաստատելով, որ քոլէճէն ներս աշակերտներուն անցուցած տխուր թէ ուրախ օրերը վերածուած են թանկագին յիշատակներու: Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին ու բարի երթ մաղթեց դասընկերներուն:
Անգլերէն ուղերձը ընթերցեց Ճէֆրի Ժումժեան: Ան յիշեց իր դպրոցական առաջին օրը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ծնողքին եւ բոլոր շրջանաւարտներու ծնողներուն, որոնք զիրենք այդ օր ձգած են այդ երդիքին տակ, ուր տարիներու ընթացքին վերածուած են ընտանիքի: Ան յիշեց մանկական խաղերը, պարտականութիւնները, որոնք այժմ փոխարինուած են մեծ մտահոգութիւններով, ապագայի պարտաւորութիւններով ու պատասխանատուութեամբ, որոնք սակայն կարելի պիտի յաղթահարել հարազատ ընկերներու նեցուկով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց ներդրումով կարելի դարձած էր աւարտական հանգրուանին հասնիլը , ինչպէս՝ ծնողները, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու դասընկերները։ Ապա, ան իր խօսքը իր ընկերներուն ուղղելով յանձնարարեց կեանքը ապրիլ լիարժէք կերպով, չվախնալ նորութիւններէ և կերտել անմոռանալի յուշեր։
Հայերէն ուղերձը ընթերցեց Կարօ Քէօշկէրեան: Ան անդրադարձաւ իր դպրոցական յուշերուն ու ըսաւ.«Տարիներու ընթացքին կերտեցինք մեր «եսը» միաժամանակ ամուր պահելով մեր «մենք»ը»: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ծնողներուն, որ առիթը ընծայած են իրենց, բարձրորակ ուսում ստանալու հարազատ միջավայրի մը մէջ. Շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր, բարերարներուն, խնամակալութեան ու տիկնանց յանձնախումբին իրենց դպրոցական կեանքին մէջ անոնց ունեցած ներդրումին համար: Ապա, ան երախտագիտութիւն յայտնեց տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն, որոնց շնորհիւ քոլէճը ունեցած է հեղինակութիւն, հպարտութիւն ներշնչող շրջանաւարտներ, պետական քննութիւններու փայլուն արդիւնքներ, միաժամանակ փոխանցելով մայրենի լեզու, մշակոյթ, կրօն ու հայրենասիրութիւն: Ան իր ու դասընկերներուն կողմէ խոստացաւ դպրոցէն ստացած գիտելիքները վերադարձնել ազգին, իրականացնել քոլէճի յոյսերն ու ազգին պատիւը բարձր պահել:
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարար Տիար Աւետիս Կիտանեան, որ հաղորդական ու հարազատ ոճով ծնողներուն թելադրեց իրենց սեփական երազները չպարտադրել իրենց զաւակներուն, այլ առիթ տալ, որ անոնք հետապնդեն իրենց երազները ու հասնին իրենց նպատակներուն, որովհետեւ միայն այդ ձեւով կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել աշակերտներու երջանկութիւնն ու արդիւնաւէտ ներդրումը իրենց ընտրած ասպարէզին մէջ։ Ապա, նախարարը խօսքը 4ուղղելով շրջանաւարտներուն, յանձնարարեց, որ անոնք իրենց ուրոյն հետքը ձգեն իրենց շրջապատին մէջ, իրենց իւրայատկութեամբ ու իրենց տաղանդներով։
Ապա, խօսք առաւ քոլէճի տնօրէն՝ Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ ըսաւ թէ ինք ու իրեն պէս բազմաթիւ ծնողներ իրենց զաւակները վստահած են քոլէճին, քաջ գիտնալով, որ այնտեղ անոնք ոչ միայն պիտի ստանան բարձրորակ ուսում, այլ նաև՝ պիտի թրծուին իբրև գիտակից ու հպարտ հայեր։ Ապա, ան անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. Անկախութեան ու հաստատեց, թէ ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին, զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն աշակերտները մօտէն ծանօթացան ու ապրեցան Մայիսեան սխրանքը։ Ան շրջանաւարտ սերունդը կոչեց “Հայաստանի Ա. Անկախութեան 100 ամեակի Սերունդ” մաղթելով, որ անոնք ըլլան անկախութիւնը կերտող սերունդին նման հայրենասէր ու անձնուրաց ղեկավարներ։ Ապա, ան յորդորեց աշակերտները ըլլալու արդար, խղճամիտ ու պարկեշտ և իրենց դրոշմը ձգելու պատմութեան էջերուն վրայ։ Տնօրէնը խօսքը ծնողներուն ուղղելով շնորհակալութիւն յայտնեց, որ անոնք իրենց զաւակները վստահած են Հայկական վարժարանին և
շրջանաւարտները հրաւիրեց սրահ իջնելու եւ ծաղիկներով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու իրենց ծնողներուն: Խօսքի աւարտին տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց քոլէճի բարերարներուն ու բարեկամներուն, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Իշխանութեան, Ուսումնական Խորհուրդին, Ճիւնիի եկեղեցւոյ թաղականութեան, ԼՕԽ֊ին, Գարակէօզեանին, ՀՄԸՄ֊ի, ԶՈՄ֊ի, ԼԵՄ֊ի ու Լ. Պատանեկան միութեան պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաև խնամակալութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ձեւով զօրավիգ կանգնած է քոլէճին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց աւարտականի աշակերտներուն մրցանակները տրամադրած՝ “Լալէ և Աշոտ Բագրատունի” և “Ժան Ապաճեան” մրցանքներու հովանաւորներուն և մնացեալ բոլոր մրցանակները հովանաւորած՝ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականոութեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաև ուսուցիչներուն ու պաշտօնէութեան, որոնց աշխատանքին շնորհիւ քոլէճը կ՝ընթանայ դէպի յառաջ, ինչպէս նաև յատուկ շնորհակալութիւն հանդէսի պատրաստութեան սատարած ուսուցիչներուն։ Ան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ. “Ձեր երթը չի վերջանար հոս, այլ կը սկսի այստեղէն։ Զանգերը կը ղօղանջեն. կարևոր է, որ լսէք անոնց ձայնը և անպատասխան չձգէք։ Գացէ’ք, առէ’ք բարձրագոյն կրթութիւն ու վերադարձէ’ք գիրկը ձեր հարազատ միջավայրին”։
Ապա, տնօրէնը բեմ հրաւիրեց քոլէճի երկար տարիներու վաստակաւոր ուսուցչուհի Տիկին Տիգրանուհի Թովմասեանը, եւ խնամակալութեան ատենապետ Պրն. Յովիկ Կէօզիւպէօիւքեանին հետ զինք պարգեւատրեցին յուշանուէրով մը, շեշտելով, որ քոլէճը կը մնայ Տիկին Տիգրանուհիի հարազատ տունը։
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Շահէ Եպս. Փանոսեան, խօսք առնելով ողջունեց ներկաները ու
նշեց, թէ աւարտական հանդէսը հայ դպրոցի յաղթանակի տօնակատարութիւնն է, որովհետև տարուէ տարի հայ դպրոցներու արդիւնքներով հայ ազգի գոյերթը առաւել ևս կը զօրանայ, նորանոր սերունդներով։
Սրբազան Հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ Լիբանանի մէջ կարելի է հպարտութեամբ նշել, որ այս միջավայրը հայ դպրոցին շնորհիւ կը շարունակէ մնալ ազգային դրոշմ ու նկարագիր ունեցող։
Ան իր սրտագին շնորհաւորութիւնները ուղղեց կրթական մշակներուն, պատասխանատուներուն, ծնողներուն, բարեկամներուն ու բոլոր անոնց, որոնք մասնակից են հայ դպրոցի առաքելութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց մնալ հայ դպրոցի կողքին ու առաւել եւս զարգացնել զայն։
Ապա, իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով ըսաւ.”Ահաւասիկ հրաժեշտ կ՝առնէք հայ դպրոցէն, երթալու ձեր դիմաց բացուող կեանքին։ Գացէ’ք ու գագաթներ նուաճեցէք” ու եզրափակեց ըսելով՝ “Ապրի’ք ու ձեզմով թող ապրի հայ դպրոցը”։
Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Քոլէճի տնօրէնին ձեռամբ կատարուեցան վկայականներու բաշխումն ու մրցանակնաբաշխութիւնը:
Ստորեւ նշուած նիւթերուն բարձրագոյն միջինները ապահովող հետեւեալ աշակերտները, ստացան իրենց մրցանակները.-
• Կարօ Քէօշկէրեան՝ Ընդհ.Գիտ.Դասարանի ուսողութեան եւ բնագիտութեան «Ժան Ապաճեան» մրցանակ.
• Բալիկ Կիւլեան՝ «Լալէ եւ Աշոտ Բագրատունի» աւարտական 3 տարիներու Հայոց Պատմութեան բարձրագոյն միջին.
• Ճէֆրի Ժումժեան՝ 12րդ դասարաններու բարձրագոյն միջին.
• Ճէֆրի Ժումժեան՝ Անգլերէնի բարձրագոյն միջին.
• Կարօ Քէօշկէրեան՝ Հայերէնի բարձրագոյն միջին.
• Լոռի Կարապետ՝ Արաբերէնի բարձրագոյն միջին.
• Տիպար Աշակերտ՝ Վանայ Մահտեսեան
• Ընկերասէր Աշակերտ՝ Սերժ Նաշալեան
• Ճէֆրի Ժումժեան՝ Կենսաբանագիտական դասարանի Թուաբանութեան եւ գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին.
• Լոռի Կարապետ՝ Ընկերա-տնտեսագիտական դասարանի բարձրագոյն միջին.
• Ճէֆրի Ժումճեան՝ Կենսաբանագիտական դասարանի բարձրագոյն միջին
• Կարօ Քէօշկէրեան՝ Ընդհ. Գիտ. Դասարանի բարձրագոյն միջին.
• Արուեստի մրցանակ՝ Կարօտ Պէլեան
Քոլէճի Ֆութպոլի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին շրջանաւարտներուն:
Վկայական ստացան՝
Ընկերատնտեսագիտական Բաժանմունք
Աճեմեան Նազօ
Ադամեան Յովիկ
Պարսումեան Ցոլեր
Չոպանեան Ռիթա
Տէմիրճեան Աննա Մարիա
Տէր Դաւիթեան Իվանա
Կարապետ Լոռի
Գազանճեան Կարէն
Գույումճեան Պարոյր
Մարկոսեան Յարութ
Նաճարեան Գարին
Սիուֆի Քոնտեսա Ալոնտրա
Թասլաքեան Հէրի
Կենսաբանութեան Բաժանմունք
Ղազարեան Սարհատ
Յովհաննէսեան Մուշեղ
Ժումժեան Ճէֆրի
Գանթարճեան Մարիա
Կիւլեան Բալիկ
Քէրթէնեան Ռիթա
Մահտեսեան Վանայ
Մելքոն Յակոբ
Միթիլեան Լոռի
Սասունեան Յակոբ
Սէրայտարեան Կիրօ
Թրթռեան Արամ
Ընդհանուր Գիտութեան բաժանմունք
Պէլեան Կարօտ
Տէմիրճեան Յովհաննէս
Քէօշկէրեան Կարօ
Խանճիհանեան Սէրոյժ
Խաչերեան Գարին
Ամպարճեան Շանթ
Նաշալեան Սերժ