Զ. դասարանի աշակերտները՝ կրօնի դասապահերուն ընթացքին սորված սկզբունքները գործնականի վերածեցին Չորեքշաբթի օր, երբ իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Գարակէօզեան հաստատութիւնը։
Շաբաթներու ընթացքին, աշակերտները իրենց ունեցած առօրեայ գումարներէն մէկդի դրած՝ յաջողեցան ապահովել կոկիկ գումարներ եւ Զատկուան առիթով հագուելիք գնեցին Գարակէօզեանի իրենց ընկերներուն։
Հաստատութեան մէջ անոնք ծանօթացան Գարակէօզեանի առաքելութեան եւ աշխատանքին, խաղացին, հանդիպեցան փոքրիկներուն եւ իրենց նուէրները յանձնեզէ ետք՝ գոհունակ սրտով վերադարձն դպրոց։