Տարեկան Կալա-Ընթրիք

[ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի տարեկան ընթրիքը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 28 Մարտին, Le Royal պանդոկէն ներս՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի։ Ներկայ էին ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, խնամակալութեան անդամներ, շրջանաւարտներ, տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, ուսուցիչներ եւ վարժարանի բարեկամներ։

Այս տարուան ընթրիքին նպատակն էր շնորհակալութիւն յայտնել նախորդ 3 տարիներուն վարժարանին նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցող բարերարներուն եւ բարեկամներու։


Categories: