Արտասանական Մրցում Ը. Դասարան

[ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլին, Ը. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան արտասանական մրցումի մը։
Հայերէնի ուսուցչուհիին նախաձեռնութեամբ՝ Ը.1 եւ Ը.2 դասարանները կազմակերպեցին արտասանական մրցում մը, որուն մասնակցեցան երկու դասարաններէն 9 աշակերտներ.- Ռիթա Քերթէնեան, Քարէն Այվազեան, Ռիթա Չոպանեան, Նարէ Մոմճեան, Դուին Էքշեան, Լոռի Միթիլեան, Կարէն Գազանճեան, Պարոյր Գույումճեան եւ Յարութ Մարկոսեան։
Իւրաքանչիւր աշակերտ նախ ասմունքեց պարտադիր կտորը՝ Պարոյր Սեւակի «Երեւան Էրեբունի»ն, ապա՝ ազատ կտոր մը։
Դատական կազմը՝ լսելէ ետք ասմունքողները, յայտարարեց արդիւնքները։ Առաջին հանդիսացաւ Լոռի Միթիլեան, երկրորդ՝ Քարէն Այվազեան եւ երրորդ՝ Ռիթա Քերթէնեան։


Categories: