Զատիկ
Զատկուան արձակուրդին նախօրեակին վարժարանի աշակերտները այլազան ձեւերով տօնեցին Զատիկը։ Առաջին հերթին բոլոր աշակերտները Ս. հաղորդութիւն առին վարժարանէն ներս ու նախաճաշելէ ետք՝ տարբեր ծրագիրներ իրականացուցին։ Ա.-Զ. դասարանները շարժապատկերի սրահ այցելեցին ու հաճելի ժապաւէն մը դիտեցին։ Է. կարգը այցելեց Ծովային Հրաշալիքներու թանգարանը։ Ը.ի աշակերտները դպրոցէն ներս մնալով խաղեր խաղացին։ Իսկ Թ. դասարանը Le Mall այցելեց եւ ճաշեց։ […]