Դրօշակի Արարողութիւն

Հայաստանի Անկախութեան Տօնին առիթով տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած  դրօշակի արարողութիւնը  այս տարի մեր   վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ 27 Մայիսին: Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիաս մասնաճիւղէն խմբապետներ ներկայացան վարժարան, ուր պատրաստ կը սպասէին սկաուտ-աշակերտները՝ իրենց սկաուտական տարազներով: Դրօշակի արարողութեան ընկերակցեցաւ մասնաճիւղին փոքրիկ շեփորախումբը: Ապա՝ խմբապետուհի մը կարդաց օրուան պատգամը, որմէ ետք խօսք առաւ Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, […]

Նախակրթարանի հանդէս

Հայկական աւանդական ու արդի պարեր, հայերէն երգեր ու չափական նուագ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Սրբազան Հայրերու, Ուսումնական Խորհուրդի, Խնամակալութեան ու տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն: Վարձքը կատար բոլոր մասնակիցներուն, նախակրթարանի ուսուցիչներուն և պատասխանատու տիկ. Լենա Ճինպաշեանին, արուեստի ուսուցիչներ` Տիկ. Անի Կոստանեանին, Տիկ. Գայեանէ Մարկոսեանին և տիկ. Ռուբինա Դերձակեանին:

Մայիս 28ի Երգահանդէս

Հայաստանի Անկախութեան տօնին առիթով Վարժարանի աշակերտները հիւրընկալեցին յեղափոխական երգերու մեկնաբան Սերոբ Յակոբեանը, որ աւելի քան մէկ ժամ խանդավառեց աշակերտները:

Այցելութիւն Տարրալուծարան

Ը. դասարանի աշակերտները Ուրբաթ օր այցելեցին St. Marc տարրալուծարանը: Անոնց կ’ընկերակցէր գիտութեան դասատուն: Աշակերտները առիթը ունեցան մօտէն տեսնելու տարրալուծարանի տարբեր գործիքները եւ բաժանումները:

Նախակրթարանի Տարեկան Պտոյտ

Ուրբաթ, 16 Մայիսին, նախակրթարանի աշակերտները սովորականէն աւելի ուրախ դպրոց եկան, որովհետեւ պտոյտի պիտի երթային: Իրենց դաստիարակներուն եւ դասատու ուսուցիչներուն հետ՝ աշակերտները բարձրացան հանրաշարժերը եւ ուղղուեցան Ֆաքրա: Հոն անոնք խաղացին, կերան, խմեցին ու շատ հաճելի ժամանակ անցընելէ  ու բաւական յոգնելէ ետք՝ վերադարձան դպրոց:

Թ. Դասարանի տարեկան Պտոյտ 

Թ. դասարանի այս տարեշրջանի դպրոցական վերջին օրը Ուրբաթ՝ 9 Մայիսին էր: Աշակերտները դպրոց եկան առանց գիրքի ու պայուսակի եւ իրենց դաստիարակին ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Ժպէյլ: Հոն այցելեցին նաւահանգիստն ու ճեմեցին պատմական քաղաքին հին փողոցներուն ու շուկաներուն մէջ: Անոնցմէ մաս մը այցելեց մոմի թանգարանը, մինչ ուրիշներ նախընտրեցին հեծանիւով հետազօտել շրջանը: Ապա, անոնք ճաշեցին ու հաճելի պահեր անցընելէ […]

Մայրերու Օր 2014

կազմակերպեց Մայրերու նուիրուած ձեռնարկ մը: Գեղարուեստական յայտագրէն առաջ շահեկան դասախօսութիւն մը ներկայացուց սննդագէտ Մօնիք Պասիլա Զաարուր, որ խօսեցաւ յատկապէս մանուկներու առողջ սննդականոնին մասին: Ապա ձեռնարկը ճոխացուցին աշակերտները՝ իրենց երգերով եւ պարերով:

Ը. Դասարան Հայերէնի Աշխատանք

Եղեռնի ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ աշխատանքներուն ծիրէն ներս՝ Ը. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահերուն ընթացքին ներկայացուցին յատուկ աշխատանքներ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը պէտք էր ներկայացնէր Ցեղասպանութեան զոհուած գրագէտ մը, կամ վրիժառու արարքի մը հեղինակը եւ կամ յետ Եղեռնի սփիւռքահայ առաջին սերունդէն գրագէտ մը։ Աշակերտները բծախնդրութեամբ աշխատած ու տեղեկութիւններ հաւաքած էին։ Անոնք երեք պահերու ընթացքին, իրենց աշխատանքները ներկայացուցին իրենց դասընկերներուն։

Քայլարշաւ Ցեղասպանութեան 99ամեակի առիթով

Ցեղասպանութեան 99ամեակի առիթով վարժարանի աշակերտները մասնակցեցան Անթիլիասի Նահատակաց Մատռան դիմաց կազմակերպուած ձեռնարկին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան: Է. դասարանէն վեր՝ բոլոր աշակերտները քայլարշաւով մը հասան Անթիլիասի մայրավանք, ուր հերկայ եղան հոգեհանգստեան արարողութեան եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին վարժարանին անունով: