Նախակրթարանի Վարդանանցի Ձեռնարկ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email
Չորեքշաբթի, 26 Փետրուարին, Քոլէճի սրահին մէջ կայացաւ նախակրթարանի Վարդանանց Ճակատամարտին նուիրուած ձեռնարկը:
Զոյգ քայլերգներու երգեցողութենէ ետք, նախակրթարանի երգչախումբը տպաւորիչ ձեւով երգեց “Տաղ Աւարայրի” և “Քաջ Զինուոր” երգերը, որմէ ետք Դ.1 դասարանը ներկայացուց հայկական պար մը:
Ապա, չորրորդ դասարանէն զոյգ մը աշակերտուհիներ իրենց ընկերներուն փոխանցեցին օրուան պատգամը: Երկրորդ դասարանէն աշակերտներ պատմեցին ճակատամարտի ընթացքը, իսկ Ա. Դասարանէն չորս աշակերտներ արտասանեցին “Քաջ Վարդան” կտորը: Ապա, Բ. Դասարանէն Մանէ Թորոյեան մեներգեց այս առիթով իրեն համար գրուած ու յօրինուած երգը, իսկ Գ. Դասարանը արտասանեց “Արի Հայեր” կտորը:
Ձեռնարկի աւարտին աշակերտները լսեցին մանկամսուրի աշակերտ Վայք Թաշճեանի արտասանած “Հայ Եմ Ես”ը, ապա սահիկներու ընդմէջէն աւելի եւս ծանօթացան Վարդանանց Ճակատամարտին, Աւարայր դաշտին ու Տղմուտ գետին:
Նշենք, որ այս առիթով, աշակերտները ներկած էին յատուկ թղթիկներ և իրենց ուսուցիչներուն օգնութեամբ` զանոնք վերածած էջացոյցներու:
    Աւելի ուշ, Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան Յ. Տէր Մելքոնեան Թատերասրահ, ուր ներկայ եղան Վարդանանցի նուիրուած ձեռնարկի մը, որ կազմակերպուած էր Ուսումնական Խորհուրդին կողմէ: Մեր վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին պար, երգ եւ ասմունք:

Categories: