Բարեկենդան
Քոլէճի բաժանմունքներէն իւրաքանչիւրը իր ձեւով նշեց Բարեկենդանի տօնը, իսկ տիկնանց միութիւնը այս տարի եւս կատարեց Բարեկենդանի ձեռնարկը, որու ընթացքին ծպտուած մանուկներ խաղացին, համեղ ուտեստներ ճաշակեցին ու զուարճացան:
Քոլէճի բաժանմունքներէն իւրաքանչիւրը իր ձեւով նշեց Բարեկենդանի տօնը, իսկ տիկնանց միութիւնը այս տարի եւս կատարեց Բարեկենդանի ձեռնարկը, որու ընթացքին ծպտուած մանուկներ խաղացին, համեղ ուտեստներ ճաշակեցին ու զուարճացան:
Ուրբաթ, 30 Յունուարին, Քոլէճի աշակերտական Խորհուրդը Ս. Սարգիսի տօնը նշեց իւրայատուկ ձեւով: Խորհուրդի վարչութիւնը պատրաստեց եւ աշակերտներուն բաժնեց տօնը խորհրդանշող հրուշակը, եւ աղի կրկնեփը, ինչպէս նաեւ տօնին մասին տեղեկութիւններ փոխանցող ու հայկական սիրոյ տօնը աշակերտին փոխանցող թերթիկ մը:
Կաղանդի տօնական մթնոլորտ քոլէճէն ներս. Մանկապարտէզի աշակերտները եւ իրենց ծնողները ուրախ պահեր անցուցին կաղաղանդա պապուկին հետ: Անոնք երգեցին, պարեցին ու Ծնունդի թատրոնը ներկայացուցին իրենց ծնողներուն: Քոլէճի ամբողջ աշակերտութիւնը Ս. Հաղորդութիւն ստացաւ, որմէ ետք դասարանները իրենց դաստիարակներուն հետ, իւրաքանչիւրը իր ձեւով դիմաւորեց կաղանդը: Երկրորդ դասարանը իր դաստիարակ՝ Տիկ. Լենա Արապօղլեանի կազմակերպութեամբ ծնողները հրաւիրեց իրպատրաստած Ծնունդի Թատրոնին, […]
Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի՝ «Աւանդական Տօնավաճառ»-ի Բացում Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած «Աւանդական Տօնավաճառ»-ի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, նախագահութեամբ՝ Տիկ. Սալբի Գասպարեանի: Տօնավաճառի բացման ժապաւէնը կտրուելէ ետք, խօսք առաւ Քոլէճի Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Նայիրի Ադամեանը: Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն […]
Երկրորդական Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Աշակերտական խորհուրդը, կոկիկ գեղարուեստական յայտագրի մը ընդմէջէն, նշեց Լիբանանի Անկախութեան տարեդարձը: Օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Խորհրդարանի երեսփոխան Ֆէտի Նաժիպ Ալ Աուար: Լիբանանի եւ Քոլէճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Վանայ Արսլանեան Արաբերէն լեզուով կատարեց բացման խօսքը: Ան շեշտը դրաւ անկախութեան գաղափարին վրայ, որպէս ազատատենչ ժողովուրդներու բնական իրաւունք. Ան զուգահեր […]
Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Աշակերտական խորհուրդը, կոկիկ գեղարուեստական յայտագրի մը ընդմէջէն, նշեց Լիբանանի Անկախութեան տարեդարձը: Օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Խորհրդարանի երեսփոխան Ֆէտի Նաժիպ Ալ Աուար: Լիբանանի եւ Քոլէճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Վանայ Արսլանեան Արաբերէն լեզուով կատարեց բացման խօսքը: Ան շեշտը դրաւ անկախութեան գաղափարին վրայ, որպէս ազատատենչ ժողովուրդներու բնական իրաւունք: Մարիա Գարասարգիսեան ասմունքեց […]
Ուրբաթ, 14 Նոյեմբեր 2014ին, Տպպայէի Ալ Նախիլ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Քոլէճի Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած Ճաշի հաւաքոյթը, նախագահութեամբ տիկին Համեստ Յակոբճեանի եւ ներկայութեամբ ծնողներու եւ բարեկամներու : Քոլէճի տնօրէնն ու տիկնանաց միութեան ատենապեդուհին փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը: Գեղարուեստական յայտագրին, իր մասնակցութիւնը բերաւ քոլէճի ծնողներէն՝ Տիկ. Սալբի Քէօշկէրեան քանոնի վրայ նուագով, իսկ քոլէճի Դ. դասարանի փոքրիկները՝ […]
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճը, վերամուտի առիթով անգամ մը եւս իր յարկին տակ ընդունեց իր մեծ ընտանիքի անդամները, որոնք կարօտով ու վերանորոգ եռանդով դիմաւորեցին զիրար:
Ուրբաթ, 30 Յունուարին, Քոլէճի աշակերտական Խորհուրդը Ս. Սարգիսի տօնը նշեց իւրայատուկ ձեւով: Խորհուրդի վարչութիւնը պատրաստեց եւ աշակերտներուն բաժնեց տօնը խորհրդանշող հրուշակը, եւ աղի կրկնեփը, ինչպէս նաեւ տօնին մասին տեղեկութիւններ փոխանցող ու հայկական սիրոյ տօնը աշակերտին փոխանցող թերթիկ մը: