Կաղանդի տօնական մթնոլորտ քոլէճէն ներս.
Մանկապարտէզի աշակերտները եւ իրենց ծնողները ուրախ պահեր անցուցին կաղաղանդա պապուկին հետ: Անոնք երգեցին, պարեցին ու Ծնունդի թատրոնը ներկայացուցին իրենց ծնողներուն:
Քոլէճի ամբողջ աշակերտութիւնը Ս. Հաղորդութիւն ստացաւ, որմէ ետք դասարանները իրենց դաստիարակներուն հետ, իւրաքանչիւրը իր ձեւով դիմաւորեց կաղանդը:
Երկրորդ դասարանը իր դաստիարակ՝ Տիկ. Լենա Արապօղլեանի կազմակերպութեամբ ծնողները հրաւիրեց իրպատրաստած Ծնունդի Թատրոնին, եւ փոքրիկները իրենց ատենամարզանքի պահերուն ընթացքին սորված տողերով ներկայացուցին Յիսուս Մանուկի Ծնունդը:
Նախակրթարանի աշակերտները ծանօթացան հայկական ամանորի աւանդութիաններուն, ինռպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ կրկէսի ներկայացումի մը:
իսկ միջնակարգը կազմակերպեց հայկական ամանորի տօնախմբութիւնը: