Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի՝
«Աւանդական Տօնավաճառ»-ի Բացում
Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած «Աւանդական Տօնավաճառ»-ի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, նախագահութեամբ՝ Տիկ. Սալբի Գասպարեանի:
Տօնավաճառի բացման ժապաւէնը կտրուելէ ետք, խօսք առաւ Քոլէճի Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Նայիրի Ադամեանը: Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Տիկնանց միութիւնը՝ յենուելով դպրոցի ծնողներուն ու բարեկամներուն բարի կամքին ու աջակցութեան, փորձած է աւանդական տօնավաճառին ընդմէջէն, այս տարի եւս, տօնական ուրախ ու աշխոյժ մթնոլորտ ստեղծել դպրոցէն ներս:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնանցի նախկին անդամ՝ Տիկ. Սալբի Գասպարեանին, որ սիրայօժար ընդունած է տօնավաճառի նախագահութիւնը:
Ապա, ան հրաւիրեց Քոլէճի տնօրէն՝ Պրն. Զօհրապ Ղազարեանը, եւ Տիկ. Սալբի Գասպարեանը, միասնաբար հատելու՝ քոլէճի նշանակը կրող կարկանդակը:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին մանկապարտէզի աշակերտները հանդէս եկան ամանորի երգերով ու արտասանութիւններով:
Ապա, ներկաները առիթը ունեցան այցելելու տօնավաճառի սեղանները, ուր ճաշակաւոր կերպով տեղադրուած էին՝ Հայկական զարդանմոյշներ, գեղանկարներ, կաղանդի յատուկ կողովներ, ձեռագործներ, հայկական գինի, չոր մրգեղէն, խաղալիկներ ու նուէրի յարմար այլազան իրեր:
Նշենք, որ տօնավաճառը բաց է ամէն օր, ժամը 10-էն 3:00, մինչեւ Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր եւ իւրաքանչիւր օր, քոլէճի Նախակրթարանի կարգերէն աշակերտներ ներկաներուն պիտի հրամցնեն ամանորի ու Ս. Ծննդեան երգեր, արտասանութիւններ ու նուագ: