Լիբանանի Անկախութիւն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Աշակերտական խորհուրդը, կոկիկ գեղարուեստական յայտագրի մը ընդմէջէն, նշեց Լիբանանի Անկախութեան տարեդարձը: Օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Խորհրդարանի երեսփոխան Ֆէտի Նաժիպ Ալ Աուար:
Լիբանանի եւ Քոլէճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Վանայ Արսլանեան Արաբերէն լեզուով կատարեց բացման խօսքը: Ան շեշտը դրաւ անկախութեան գաղափարին վրայ, որպէս ազատատենչ ժողովուրդներու բնական իրաւունք:
Մարիա Գարասարգիսեան ասմունքեց անկախութեան նուիրուած բանաստեղծական կտոր մը:
Լոռի Զէքեան մեկնաբանեց արաբերէն լեզուով հայրենասիրական երգեր:
Դաշնակի վրայ, Ա. Խաչատուրեանէն դասական կտորով հանդէս եկաւ Հէնրի Իշխանեան:
Ապա, Վանայ Արսլանեան բեմ հրաւիրեց օրուան հիւրը:
Երեսփոխան Ալ Աուար դրուատիքով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին ունեցած դրական ներդրումին, Լիբանանի քաղաքական թէ ընկերային կեանքին մէջ, նշելով, թէ Լիբանան ամբողջական պիտի չըլլայ առաց զայն բաղկացնող իւրաքանչիւր համայնքին, որմէ մէկն է նաեւ հայ համայնքը: Ան կոչ ուղեց նոր սերունդին տէր կանգնելու Լիբանանեան հայրենիքին եւ չլքելու զայն, շեշտելով, որ նոր սերունդն է երկրի ապագան:
Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան Ուսումնական խորհուրդին, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրին:
Ապա տնօրէնին ձեռամբ երեսփոխանին յանձնուեցաւ շնորհահալական յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ հայկական աւանդական միրգերը, գինին ու տուրմը պարունակող սակառ մը:

Քոլէճի նախակրթարանը եւս, ձեռային աշխատանքներով եւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագրով  նշեց Լիբանանի անկախութիւնը, իսկ մանկապարտէզի փոքրիկները, դրօշակներով ու երգերով, իրենց ձեւով տօնեցին անկախութիւնը:


Categories: