Լիբանանի Անկախութեան Տօն

Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր, 2016-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի կրթական բոլոր օղակները, իւրաքանչիւրը իր ոճով, նշեցին Լիբանանի Անկախութեան Տօնը: Առաւօտուն քոլէճի աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ դրօշակի կայմին շուրջ եւ Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութեամբ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւնը: Միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտներու ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Կալի Աւագեան, որ շեշտը դրաւ ազգերու անկախ ապրելու իրաւունքին վրայ: Ապա, Աւօ Մարգարեան ասմունքեց […]