Լիբանանի Անկախութեան Տօն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր, 2016-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի կրթական բոլոր օղակները, իւրաքանչիւրը իր ոճով, նշեցին Լիբանանի Անկախութեան Տօնը:

Առաւօտուն քոլէճի աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ դրօշակի կայմին շուրջ եւ Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութեամբ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւնը:

Միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտներու ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Կալի Աւագեան, որ շեշտը դրաւ ազգերու անկախ ապրելու իրաւունքին վրայ: Ապա, Աւօ Մարգարեան ասմունքեց անկախութեան նուիրուած արաբերէն ոտանաւոր մը:

Power Point-ի միջոցով աշակերտները  ծանօթացան Լիբանանի անխախութենէն մինչեւ օրս գործող նախագահներուն:

Օրուան  բանախօսն էր քոլէճի շրջանաւարտ եւ այժմ Լիբանանի ներքին ապահովական ուժերու սպայ Սագօ Տէր Վարդանեանը:

Ան խօսք առնելով, նախ խօսեցաւ անկախութեան արժէքին մասին եւ ապա՝ հայրենիքի պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան, մանրամասնօրէն ներկայացնելով ներքին ապահովական ուժերու դերը հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ: Ան նշեց որ մտքի, մարմնի եւ հոգիի մարզումով կարելի է հասնիլ մեր նպատակներուն: Ապա, յորդորեց իր դասընկերները անվարան միանալու բանակի շարքերուն:

Խօսք առաւ քոլէճի տնօրէն Զօհրապ Ղազարեան, որ նախ զուգահերներ գծեց Օսմանեան բռնակալութեան լուծին տակ հիւծած հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն միջեւ, ապա աւելցուց, որ 23 տարի ֆրանսական տիրապետութեան տակ մնալէ ետք՝ Լիբանանան կրցաւ անկախանալ: Ան  իր խօսքին մէջ հաստատեց՝ թէ  հայ ժողովուրդի զաւակները, շատ լաւ կը հասկնան անկախութեան արժէքը եւ առ այդ  իրենց կարելին ի գործ պիտի դնեն  զոյգ հայրենիքներու անկախութեան պահպանման ու բարգաւաճման ի խնդիր:

Տնօրէնը իր խօսքը եզրափակեց  շրջանաւարտ դասախօսը օրինակ բերելով եւ հաստատելով, թէ բոլոր աշակերտներն ալ եթէ կամք ունենան, աշխատին ու յարատեւեն, կրնան իրենց ունեցած այլազան դժուարութիւնները յաղթահարել ու հասնիլ իրենց  նպատակներուն:

Կարէն Գազանճեանի մեկնաբանած «Ռէժէհ Եըթաամար Լուպնան» երգով կատարուեցաւ ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնի փակումը, որմէ ետք աշակերտութեան ներկայութեան քոլէճի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ մայրիի ծառերու ծառատնկումը:

Միջնակարգի ձեռնարկներու խմբակի աշակերտները առաւօտեան մտան նախակրթարանի դասարանները եւ իրենց պատրաստած տեսերիզով, աշակերտներուն ներկայացուցին անկախութեան պատմութիւնը:

Նախակրթարանի աշակերտները իրենց պատրաստած դրօշակներով ու ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Քրիստ Դարփինեան: Գ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Լիբանանի նախագահները, իսկ  Ե դասարանը զրոյցի մը ընդմէջէն՝ Լիբանանեան դրօշակի խորհուրդը: Բոլոր դասարաններն ալ հանդէս եկան անկախութեան նուիրուած արաբերէն ոտանաւորներով եւ երգերով:

Մանկապարտէզի աշակերտները եւս պատրաստեցին լիբանանեան դրօշակը խորհրդանշող իրենց գլխարկները, երգեցին, արտասանեցին ու բակին մէջ տողանցեցին:

Ամբողջ օրուան ընթացքին, զբօսանքներուն սփռուեցան լիբանանեան հայրենասիրական երգեր:

 


Categories: