Բարեկենդան ու Վէլընթայն

Շաբաթ, 14 Փետրուարին, Վէլընթայնզի եւ Բարեկենդանի զոյգ առիթներով, քոլէճի սրահին մէջ կայացաւ Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած Ճաշկերոյթ- Պարահանդէսը, ներկայութեամբ աւելի քան երկու հարիւր բարեկամներու: Երեկոն ճոխացուց Վիգէն Տիշչէքէնեանը, իր սիրային երգերով:

Զատկուան շաբաթը քոլէճէն ներս

Տօնական մթնոլորտով, Յիսուսի կեանքին ու Յարութեան  մասին վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութեամբ, աւանդական «քէխքէ»ի պատրաստութեամբ եւ հաւկթախաղով քոլէճը նշեց Ս. Զատկուան տօնը:

Բարեկենդան

Քոլէճի բաժանմունքներէն իւրաքանչիւրը իր ձեւով նշեց Բարեկենդանի տօնը, իսկ տիկնանց միութիւնը այս տարի եւս կատարեց Բարեկենդանի ձեռնարկը,  որու ընթացքին ծպտուած մանուկներ խաղացին, համեղ ուտեստներ ճաշակեցին ու զուարճացան: