Բարեկենդան

Քոլէճի բաժանմունքներէն իւրաքանչիւրը իր ձեւով նշեց Բարեկենդանի տօնը, իսկ տիկնանց միութիւնը այս տարի եւս կատարեց Բարեկենդանի ձեռնարկը,  որու ընթացքին ծպտուած մանուկներ խաղացին, համեղ ուտեստներ ճաշակեցին ու զուարճացան:

Սուրբ Սարգիս

Ուրբաթ, 30 Յունուարին, Քոլէճի աշակերտական Խորհուրդը Ս. Սարգիսի տօնը նշեց իւրայատուկ ձեւով: Խորհուրդի վարչութիւնը պատրաստեց եւ աշակերտներուն բաժնեց տօնը խորհրդանշող հրուշակը, եւ աղի կրկնեփը, ինչպէս նաեւ տօնին մասին տեղեկութիւններ փոխանցող ու հայկական սիրոյ տօնը աշակերտին փոխանցող թերթիկ մը: