Zarkatzman Mertzoum

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

ՀԵՀՈՄի Զարգացման Մրցում
Ե. Մանուկեան Քոլէճը     Առաջին

     ՀԵՀՈՄի կազմակերպութեամբ` հայկական վարժարաններու ԺԲ. դասարաններու աշակերտներու զարգացման մրցում մը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 12 նոյեմբերին, Սիրան Մանուկեան սրահէն ներս։
Մրցումին մասնակցեցան հայկական երկրորդական ութ վարժարաններ։ Իւրաքանչիւր վարժարան ներկայացած էր չորս աշակերտներով։  Մրցումին հարցումները  ունէին պատմական, աշխարհագրական, մարզական, գիտական, թուաբանական եւ այլազան բաժիններ։
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճը ներկայացուցին խաժակ Կէօքճեան, Պետրոս Պետրոսեան, Քրիստափոր Օգնայեան եւ Զատիկ Ունանեան։ Մրցումի աւարտին, անոնք հանդիսացան առաջին՝ ամենէն բարձր կէտերը ապահովելով։ Իբրեւ նուէր անոնցմէ իւրաքանչիւրը ստացաւ mini laptop մը։ Վարժարանը , իր կարգին Ա. մրցանակի յուշանուէրը ստացաւ։


Categories: