Teachers’ Day

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ուսուցչաց Օր
ԺԲ. դասարանի աշակերտները սովորութիւն ունին ամէն տարի ձեռնարկ մը կազմակերպել Ուսուցչաց Տօնին առիթով։ Անոնք այդ օրուան ձեռնարկին դադար կու տան իրենց ուսուցիչներուն, որոնք իբրեւ հիւրեր եւ հանդիսատեսներ ներկայ կ՛ըլլան ձեռնարկին։
Երեքշաբթի, 8 Մարտին, 7րդ պահուն բոլոր աշակերտները սրահ հաւաքուած էին՝ առանց ուսուցիչներու։ Կարգապահւթեան կը հսկէին ԺԱ. դասարանի աշակերտները, որոնք անշուշտ մեծ դժուարութիւն կ՛ունենային զսպելու իրենցմէ փոքր դասընկերները, որոնք խանդավառ, քիչ մըն ալ «ազատ» զգալով՝ բաւական կը դժուարացնէին մեծերուն գործը։
Ապա, ուսուցիչները հրաւիրուեցան սրահ, որ թնդաց ծափահարութիւններով։ Սրահի մուտքին, ԺԲ. կարգի աշակերտները ուսուցիչները ընդունեցին յատուկ զարդասեղներ անցնելով անոնց կուրծքերուն։
Բացման խօսքէն ետք սկսաւ գեղարուեստական բաժինը։Յայտագիրին ընթացքին ներկայացուեցան երգեր ու պարեր, ինչպէս նաեւ՝ յատուկ տեսաերիզ մը, որ պատրաստուած էր աւարտականներուն կողմէ։ Աւարտին, իւրաքանչիւր ուսուցիչ բեմ հրաւիրուեցաւ ստանալու համար իր «վիճակացոյցը», որ պատրաստուած էր աշակերտներու հայեցողութեամբ։

    Վարժարանին խնամակալութեան ատենապետը, իր կարգին անակնկալ մը ըրած էր ուսուցիչներուն յատուկ կարկանդակ մը ուղարկելով դպրոց։ Ուսուցիչները երկրորդ զբօսանքին փոքր սրահը հաւաքուեցան ու ճաշակեցին համեղ կարկանդակը։


Categories: