Ողնահարի Ծռումը Եւ Կանխարգիլման Միջոցները
Ուրբաթ, 12 Նոյեմբերին, Քոլէճի տնօրէնութեան եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ «Սիրան Մանուկեան» սրահէն ներս։ Դասախօս Տոքթ. Արա Կոստանեան ներկայացուց «Ողնահարի Ծռումը Եւ Կանխարգիլման Միջոցները» նիւթը, ինչպէս նաեւ առողջ սննդականոն ունենալու կարեւորութիւնը։
Տոքթ. Կոստանեան նիւթը բաժնած էր երկու մասերու։ Առաջին բաժնին մէջ ան ներկայացուց ողնահարի ծռումները յառաջացնող պատճառները, ախտաճանաչման ձեւերը եւ դարմանումի տարբեր միջոցները՝ ֆիզիոթերափիէն մինչեւ վիրաբուժութիւն։
Դասախօսութեան երկրորդ բաժինով բժիշկը խօսեցաւ առողջ սննդականոնի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ՝ մանուկներու եւ պատանիներու անհրաժեշտ ուտեստեղէններու մասին։
Դասախօսութեան աւարտին, ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու ժիշկին եւ անհրաժեշտ պատասխանները ստացան։ Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն։