Tankaran/Madenataran

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

«Կիլիկիա» Թանգարանի Այցելութիւն
     Գ. եւ Դ. դասարանները Չորեքշաբթի, 11 Մայիսին այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանը՝ աւելի եւս ծանօթանալու համար  մեր պատմութեան եւ մշակոյթին։
Աշակերտները՝ իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ հասան Մայրավանք եւ մտան թանգարան եւ մատենադարան։ Հոն իրենց բացատրութիւններ տրուեցան պատասխանատուին կողմէ, որուն ըսածներուն ուշի-ուշով հետեւեցան  փոքրիկները։
Այցելութեան աւարտին, աշակերտները հայկական ոգիով յագեցած՝ վերադարձան վարժարան։


Categories: