Stone Age Museum

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Նախնադարեան Մարդուն
Նուիրուած Թանգարանի Այցելութիւն

Երեքշաբթի, 9 Նոյեմբերին առաւօտեան, Է. դասաարաններու աշակերտները՝ իրենց հայոց պատմութեան եւ հայերէնի ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին NDU համալսարանին մէջ բացուած Նախնադարեան թանգարանը։
Է. կարգերու աշակերտները, որոնք հայոց պատմութեան դասապահերուն ծանօթացած էին,Քարէ Դարուն ապրած  նախամարդուն եւ անոր ապրելակերպին ու կենցաղին, թանգարանին մէջ տեսան անոր գործածած իրերն ու զէնքերը՝ բոլորն ալ քարով շինուած։
Թանգարանին մէկ այլ բաժինին մէջ աշակերտները տեղեկութիւններստացան նաեւ թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք բնական քարերու մասին եւ տեսան լանոնցմէ նմոյշներ։


Categories: