Բողոքի Հաւաքի Մասնակցութիւն
Թուրքիոյ վարչապետ Ռէճէպ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան դէմ կազմակերպուած ժողովրդային բողոքի հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ մեր վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներն ու ուսուցիչները։
Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12։00ին դասապահերը առկախուեցան եւ աշակերտ ու ուսուցիչ հանրաշարժերով ուղղուեցան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը, ուր ժամը 1։00ին սկսաւ ժողովրդային հաւաքը։
Ինչպէս բոլոր ներկաները Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի աշակերտներն ալ անընդունելի նկատեցին Թուրքիոյ վարչապետին այցելութիւնը։
Poghoki Havak
Categories: School News