Պահանջատիրութեան Ամիս
Փետրուարը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ՝ նկատի ունենալով, որ այդ ամսուն ընթացքին տեղի ունեցած են անկիւնադարձային դէպքեր եւ իրադարձութիւններ.- Վարդանանց Ճակատամարտ, Փետրուարեան Ապստամբւթիւն եւ Արցախի Պահանջատինրական շարժումի ծնունդ։
Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի աշակերտները չեն կրնար չնշել այս կարեւոր դէպքերը։ Կիսամեայ քննութիւնները հայիւ աւարտած՝ ուսուցիչ-աշակերտ լծուեցան գործի։
Երկրորդականի աշակերտները՝ իրենց աշակերտական միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ բոլոր խմբակներուն մասնակցութեամբ Ուրբաթ, 25 Փետրուարին կազմակերպեցին գեղարուեստական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին անոնք ներկայացուցին Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախի պահանջատիրութեան պատմականը՝ նկարներով։ Յայտագրին ընթացքին, աշակերտները ասմունքեցին, երգեցին ու նուագեցին ու փոխանցեցին օրուան խորհուրդը։
Միջնակարգի աշակերտները, իրենց կարգին պատրաստուած էին զարգացման մրցումի մը, որ տեղի ունեցաւ երկու հանգրուանով։ Զարգացման մրցումին հարցումները օրեր առաջ տրուած էին, որպէսզի անոնք լաւապէս պատրաստուիտն։ Ձեռնարկը իւրայատուկ էր, որովհետեւ միջնակարգի բոլոր աշակերտները մասնակցեցան։ Յաղթական խմբակը խորհրդանշական նուէրներ ստացաւ։
Նախակրթարանի աշակերտհները եւս քարգացման մրցում մը ունեցան, ինչպէս նաեւ խմբակային դրութեամբ ներկայացուցին իրենցմէ պահանջուած առիթին յարմար աշխատանքներ։