Orientation

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Արեւելումի Հանդիպում
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս վարժարան սկսած են այցելել Լիբանանի մէջ գործող տարբեր համալսարաններու արեւելումի գրասենեակներէն պատասխանատուներ՝ երկրորդականի աշակերտներուն ուղղութիւններ տալու իրենց ընտրելիք մասնագիտութիւններուն եւ համալսարաններուն մասին։
Ուրբաթ, 18 Նոյեմբերին վարժարան այցելեցին Հայկազեան  եւ AUST համալսարաններէն ներկայացուցիչներ, որոնք հանդիպում ունեցան ԺԱ. եւ ԺԲ. կարգերու աշակերտներուն հետ։ Անոնք անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տուին համալսարաններուն եւ հոն դասաւանդուող մասնագիտութիւններուն եւ նիւթերուն մասին։ Հանդիպումներու աւարտին, անոնք պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն։


Categories: