Louna

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

«ՄԻՍԻՈՆ ԲԱԲԻՈՆ»՝  ԼՈՒՆԱ
Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր, 2011ին Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան մանուկներու յատուկ՝ երգախառն թատրոն ներկայացնող Լունային «Միսիոն Բաբիոն» թատերգութեան, որ տեղի ունեցաւ Ժունիի «Աթենէ» թատերասրահին մէջ։
Շատ գեղեցիկ յարդարուած բեմին վրայ, Լունան՝ իր երգերով ու պարերով, ներկայացուց կախարդի մը աշխարհին մէջ կորսուած փոքրիկ աղջկան մը  ազատ արձակուելու պատմութիւնը։ Պատմութեան ընթացքին, ան ճիգ չխնայեց գտնելու հինգ գաղտնիքները, որոնց միջոցաւ ան անդրադարձաւ մանուկի մը իրաւունքներուն՝ ապրելու, ուտելու եւ սնունդ ստանալու, ուսանելու, խաղալու եւ ուրախանալու։
Կոկոնի եւ Ծաղիկի աշակերտները դիտեցին, ուրախացան եւ իրենց ջերմ ծափահարութեամբ ընկերակցեցան թատրոնին երգերուն եւ ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան դպրոց։‏


Categories: