Independance

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Անկախութեան Տօնակատարութիւն
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճէն Ներս

Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբերին, արտասովոր մթնոլորտ կը տիրէր Ազգային Եղիշէ  Մանուկեան Քոլէճին մէջ։ Ամէն կողմ լիբանանեան դրօշակներ, պաստառներ, բանակի դրօշակներ ու նշանաբաններ, զինուորական տարազով փոքր աշակերտներ.  բոլորը պատրաստ՝ իւրայատուկ ոճով մը նշելու Լիբանանի անկախութեան 67րդ տարեդարձը։
Արդարեւ, վարժարանի տնօրէնութիւնը այս տարի դիմած էր լիբանանեան բանակի նուագախումբին, որպէսզի վարժարան այցելէ եւ աշակերտներուն ներկայացնէ զինուորական եւ հայրենասիրական երգեր ու երաժշտական կտորներ։
Բանակի հրամանատարութենէն անհրաժեշտ արտօնութիւնը ապահովելէ ետք, Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճը՝ Տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, խնամակալութիւն եւ աշակերտներ ընդունեցին բանակի նուագախումբին մօտաւորապէս 50 անդամներն ու անոնց ղեկավարը՝ գնդապետ Ժորժ Հըրրօն։ Հանդիսութիւնը իր ներկայութեամբ հովանաւորեց Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը, որուն կÿընկերանային ուսումնական Խորհուրդի անդամներ։ Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսրլեան։ Վարժարանի աշակերտութեան կողքին ներկայ էին նաեւ Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի աշակերտները՝ իրենց տնօրէն Պրն. Վիգէն Աւագեանի եւ ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ։
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Քոլէճի Տնօրէնուհին՝ Օրդ. Սեդա Պոյաճեան, որ արաբերէն արտասանած իր խօսքին մէջ, անդրադարձաւ անկախութեան, շեշտելով, որ 22 Նոյեմբերը սեփականութիւնն է Լիբանանին, ազատութեան, իրաւունքին եւ մարդկային արդարութեան։  Ան աւելցուց, որ անկախութեան համար ինկած են զոհեր եւ նահատակներ եւ այդ նահատակութիւնն է, որ ամրապնդած է միասնականութեան ոգին։ Անկախութեան տօնակատարութիւնը նաեւ տօնակատարութիւնն է ժողովրդավարութեան յաղթանակին՝ ընդդէմ բռնատիրութեան, ըսաւ Պոյաճեան։
Ապա, ամբողջ մէկ ժամ տեւողութեամբ նուագախումբը խանդավառեց աշակերտները հայրենասիրական քայլերգներով եւ երգերով, որոնց մեծ մասին աշակերտները կÿընկերակցէին՝ իրենց կարգին խանդավառելով նուագախումբի անդամները։ Իւրաքանչիւր երգի ընթացքին աշակերտներուն ձեռքերուն մէջ բարձր կը ծածանէին լիբանանեան դրօշակները, իսկ իւրաքանչիւր երգի աւարտին, սրահը բարձր կը թնդար անոնց ծափահարութիւններով։
Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ նախ աշակերտներուն  հայերէնով խօսեցաւ անկախութեան կարեւորութեան եւ արժէքին մասին, ապա՝ արաբերէնով խօսեցաւ հայրենասիրութեան գաղափարին մասին։
Վերջին բաժնով՝ Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի մեծ ընտանիքին անունով Օրդ. Սեդա Պոյաճեան գնդապետ Հըրրոյին յանձնեց շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան  յուշանուէր մը։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։


Categories: