Այցելութիւն Jeitaի Քարայր
Ը. դասարանի գիտութեան դասանիւթին մէջ կարեւոր տեղ տրամադրուած է քարայրներու եւ անոնց կազմութեան։ Այս ուղղութեամբ՝ Չորեքշաբթի, 17 Նոյեմբերին, Ը. կարգի աշակերտները՝ իրենց գիտութեան ուսուցչուհիին եւ դաստիարակին ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Jeita։
Հասնելէ ետք,անոնք նախ ճոպանուղիով բարձրացան սրահ մը, ուր ցուցադրուեցաւ քարայրին մասին վաւերագրական ժապաւէն մը։ Ապա, աշակերտները մտան քարայրին վերի բաժինը, ուր ականատես եղան բնութեան հրաշալիքներէն մէկուն։ Փայլուն ու գեղեցիկ շթաքարերն ու պտկաքարերը հմայեցին աշակերտները։ Ապա, անոնք յատուկ կառքերով իջան վարի՝ ջրային, բաժինը, ուր նաւակներով շրջեցան քարայրը՝ ըմբոշխնելով սքանչելի պատկերները։
Քարայրին այցելութիւնը աւարտելէ ետք, աշակերտները գոհ եւ ուրախ վերադարձան դպրոց՝ շարունակելու իրենց դասապահերը։
Grade 8/ Jeita
Categories: School News