25 Ամեակի Կալա-Ընթրիք
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճին երկրորդական վարժարան դառնալուն 25ամեակին առիթով սկսած շարք մը ձեռնարկներուն պաշտօնական փակումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Մարտին, Le Royal պանդոկին մէջ՝ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանին։ Ներկայ էին նաեւ նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, նախկին երեսփոխան Ժորժ Գասարժի, Ազգ. Իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Պւորճ Համուտի քաղաքապետը վարժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ քոլէճի բարեկամներ։
Քոլէճի 25ամեայ կեանքին ամփոփ պատմականը ներկայացուեցաւ տեսաերիզով մը, որմէ ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Օրդ. Սեդա Պոյաճեան։
Ներկաներուն իր հայրական խօսքն ու պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ շեշտը դրաւ ազգային վարժարանին նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութեան վրայ։
Ապա, խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ իր կարգին ըսաւ, որ պէտք է զօրավիգ կանգնիլ ազգային վարժարանին, որ հայեցի կրթութիւն կը ջամբէ նորահաս սերունդին։
Ընթրիքին ընթացքին կիրարկուեցաւ գեղարուեստակն կոկիկ յայտագիր մը, որմէ ետք յայտարարուեցան ներկաներուն կողմէ կատարուած նուիրատուութիւնները։
Gala-Dinner
Categories: School News