Daregan Bdouyd

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Տարեկան Պտոյտ
Ուրբաթ, 20 Մայիսի առաւօտեան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները կազմ ու պատրաստ ժամանած էին դպրոց՝ մասնակցելու համար իրենց դասարանային տարեկան պտոյտին։ Երփներանգ զգեստներ, ուտեստեղէն պարունակող սառնարաններ եւ տասնեակներով տոպրակներ, թմբուկներ… բոլորը միասնաբար բարձրացան հանրաշարժերը՝ ուղղուելու համար Ֆաքրա, որ այս տարուան պտոյտի վայր ընտրուած էր։ Աշակերտներուն կ՛ընկերանային իրենց դաստիարակ եւ դասատու ուսուցիչները։
Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հանրաշարժերը ճամբայ ելան։ Մօտաւորապէս մէկ ժամ ետք հասան ճշդուած վայրը։ Է., Ը., Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտները անմիջապէս ընտրեցին իրենց հաւաքատեղիները եւ սկսաւ աթոռ-սեղան կրելու եւ շարելու աշխատանքը։ Ապա՝ կրակարաններու պատրաստութիւնը, նկատի առած, որ բոլորն ալ խորոված պիտի ուտէին։
Մինչեւ վերադարձի ժամը աշակերտները կերան, խմեցին, խաղացին, երգեցին ու պարեցին։
Խանդավառութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ վարժարան մուտքը՝ նախանձը արթնցնելով աւելի փոքրերուն, որոնց պտոյտն ալ կը մօտենայ…


Categories: