Bar

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

 ԱԶԳ. ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԷՃԻ ՊԱՐԻ ԶՈՅԳ
ԽՈՒՄԲԵՐԸ  ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Լիբանանի Կրթական Նախարարութիւնը 4-րդ տարին ըլլալով կազմակերպեց մշակութային ‎ազգագրական պարի միջ-դպրոցական տարբեր մակարդակներով մրցոյթ մը, որուն մասնակցեցան Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ գործող վարժարաններ։ Անոնց մաս  կազմեց Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճը երկու խումբերով՝ կրտսեր եկսեռ (8-9 տարեկան)  եւ միջակ աղջիկներ (10-15 տարեկան), պարուսոյց տիկ. Անի Կոստանեանի ղեկավարութեամբ։
Մրցումը տեղի ունեցաւ երեք հանգրուաններով։
Շաբաթ, 26 Մարտ, 2011-ին, Մոն Լա Սալ վարժարանի սրահէն ներս, Լեռնալիբանանի վարժարաններուն միջեւ տեղի ունեցաւ զտումի մրցանքը, որու ընթացքին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի զոյգ խումբերը զմայլեցուցին ներկաներն ու դատակազմը եւ ապահովեցին առաջին դիրքը՝ իւրաքանչիւրը իր ներկայացուցած դասակարգին մէջ։
Ուրբաթ, 1 Ապրիլ, 2011-ին   UNESCO -ի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Լիբանանի ախոյեանութեան աւարտական փուլը, որու ընթացքին իւրաքանչիւր շրջանի յաղթական խումբերը ներկայացուցին իրենց պարերը։
Արդիւնքը յայտարարուեցաւ՝ Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ, 2011-ին, դարձեալ  UNESCO   -ի սրահէն ներս։ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի զոյգ խումբերը գերազանց արդիւնքներով առաջին դիրքը գրաւեցին, ստացան Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսը եւ արժանացան բոլորին հիացմունքին։ Անոնք բարձր գնահատուեցան իրենց պարին, տարազներուն, կեցուածքին, բեմականութեան, երաժշտական կշռոյթի ճշգրտութեան եւ կատարելութեան համար։
Կը շնորհաւորենք  մրցոյթին մասնակցող աշակերտնեը, անոնց ծնողները եւ ի մասնաւորի տիկ. Անի Կոստանեանը, որ որեւէ ճիգ չխնայեց առաւելագոյնս պատրաստելու աշակերները նշեալ մրցոյթին։


Categories: