Ayntoura

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Այցելութիւն Այնթուրայի Որբանոցը
Ազգային Վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ Երեքշաբթի 19 Ապրիլին, Լիբանանի հայկական վարժարաններուն աշակերտութիւնը յարգանքի իր տուրքը մատուցեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերէն հարիւրաւոր մանուկներու, որոնք իրենց կարճ կեանքին վերջին օրերը անցուցած էին Այնթուրայի St. Joseph վարժարանին շրջափակէն ներս, որ օրին Օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ որբանոցի վերածուած էր։
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի աշակերտները՝ Ը. դասարանէն մինչեւ ԺԲ.՝ իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ մասնակցեցան յիշեալ այցելութեան, որ ուխտագնացութեան մը տպաւորութիւնը կը ձգէր։
St. Joseph վարժարանին շրջափակէն ներս հաւաքուած հարիւրաւոր աշակերտները նախ լսեցին խօսքը Պրն. Միսաք Քէլէշեանին, որ յայտնաբերած էր որբերուն պատմութիւնը եւ անոնց անշուք գերեզմանները։ Ան աշակերտներուն բացատրեց, թէ ինչպէս թուրք Խալտիէ Հանըմը հայ որբերը թրքացնելու անզիջող քաղաքականութիւն մը որդեգրած էր՝ սնունդէ զրկելով եւ անմարդկային պատիժներու ենթարկելով հայ մնալու փոձեր կատարող մանուկները։ Անոնցմէ շատեր մահացած են եւ անոնց մարմինները թաղուած նոյն վայրին մէջ։
Աշակերտները ապա ուղղուեցան որբերուն գերեզմանին կից բակ մը, ուր իրենց իր հայրական խօսքը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, որ շեշտեց այս հաւաքին կարեւորութիւնը հայապահպանման ի խնդիր։ Ան աւելցուց, որ հայ որբերը թրքացնելու եւ զանոնք իրենց կրօնքէն եւ հայկականութենէն հեռացնելու քաղաքականութիւնը աւելի եւս ամրապնդած է անոնց հայութիւնը։ Սրբազանը որբերուն նուիրուած յուշակոթողին դիմաց հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցեց, որմէ ետք վարժարանները զետեղեցին ծաղկեպսակներ։ Ապա, խումբ-խումբ աշակերտները բարձրացան գերեզման, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութեան  անմեղ
փոքրիկ զոհերուն։


Categories: