Animal Day
Է. դասարաններուն աշակերտներուն համար սովորութիւն դարձած է ամէն տարի, Մայիսին, դպրոցի բակը վերածել «Կենդանաբանական Պարտէզի»…
Է. կարգի գիտութեան դասանիւթին մէկ միաւորը յատկացուած է անասուններուն եւ անոնց բնական միջավայրին։ Աշակերտները՝ տարւոյն ընթացքին գիտելիքներ ամբարելէ ետք ընտանի եւ վայրի անասուններուն մասին, յարմար նկատեցին այդ տեղեկութիւնները փոխանցել նաեւ նախակրթարանի իրենց փոքր ընկերներուն։
Երկուշաբթի, 9 Մայիսի առաւօտեան, արդէն բակը անճանաչելի էր. Բեմը վերածուած էր կենդանաբանական պարտէզի։ Խմբակներու բաժնուած Է. կարգերու աշակերտները պատրաստած էին կրպակներ եւ վանդակներ՝ ծանօթացնելու համար իրենց անասունները։ Հոն ներկայ էին առիւծը, արծիւը, փիղը,ուղտը, ասղաձուկը, թեւատը եւ բեւեռային արջը։ Իւրաքանչիւր խմբակ պատրաստած էր նաեւ ձեռային յատուկ աշխատանք մը՝ զոր բաժնեցին այցելող աշակերտներուն։ Կրպակները այցելեցին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բոքլոր աշակերտները, որոնք ուրախ եւ հաճելի պահ մը անցուցին Է. դասարաննրու «կենդանաբանական պարտէզ»ին մէջ։