Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի 30 ամեակի Կալա Ընթրիքը
Ուրբաթ, 26 Յունիս 2015-ի երեկոյեան, «Four Seasօns» պանդոկի «Grand Ballroom» սրահին մէջ կայացաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Կալա Ընթրիքը, հովանաւորութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի, եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Փանոսեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Անդրանիկ Մսրլեանի,Ազգային իշխանութեանց մարմիններու ներկայացուցիչներու , քոլէճի խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբի, ուսուցչական կազմի ու պաշտօնէութեան անդամներու, շրջանաւարտներու, ծնողներու եւ բարեկամներու:
Վեհափառ հօր սեղանօրհնէքէն ետք, քոլէճի Հայերէն Լեզուի համադրող եւ միջնակարգի պատասխանատու՝ օրդ. Թալին Օրտողլեան ողջունելէ ետք ներկաները, նշեց, թէ «Հաւատք, կամք ու նուիրում» նշանաբանով 30 տարիներ առաջ կերտուած քոլէճը իր դրոշմը ձգած է Լիբանանահայ գաղութի կեանքին վրայ ու աւելցուց.-« Կարծէք երէկ էր տակաւին, երբ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի ջերմ ու գուրգուրոտ շրջափակէն դուրս կու գար Ազգ. Մարտիկեան միջնակարգ վարժարանը, դառնալու համար Ազգ. Ե. Մանուկեան Երկրորդական քոլէճ եւ 30 տարիներու ընթացքին տալու շրջանաւարտներու փաղանք մը, որ ուր ալ գտնուեցաւ, պատիւ բերաւ իր վարժարանին եւ բարձր պահեց անոր անունը»: Ան հաստատեց, թէ քոլէճը նախանձախնդիր է, որ իրեն վստահուած մանուկն ու պատանին իրենց ստացած գիտութեամբ մրցին մեծ համբաւ վայելող վարժարաններու հետ, սակայն գիտութեան կողքին նախանձախնդրօրէն ան իր աշակերտներուն մտքին ու հոգիին մէջ կը դարբնէ ազգային գիտակցութեան ոգին: Օրդ. Օրտողլեան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ անեղծ հաւատքով, աննկուն կամքով ու անշահախնդիր նուիրումով երթը պիտի շարունակուի դէպի նոր վերելքներ ու փայլուն ամեակներ:
Երաժշտական կտորներով հանդէս եկաւ՝ քոլէճի շրջանաւարտ ու ուսուցչուհի Մարիա Եագուպեան քանոնի վրայ, շուիի ընկերակցութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի, ապա ներկաները դիտեցին այս առիթով պատրաստուած « Գոյատեւում» տեսերիզը, որ գեղարուեստական ոճով կը ներկայացնէր քոլէճի աշակերտներուն կատարումով հայկական պար մը:
Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան խօսք առնելով ողջունեց ներկաները, շեշտը դրաւ դպրոցի եւ մանաւանդ հայ դպրոցի դերակատարութեան վրայ, հաստատելով, թէ անոր մարդակերտման ու հայակերտման դերին հաւատացողներու ջանքերով է որ հայկական վարժարանները կը գործեն ու կը յաջողին դիմակալել տնտեսական դժուարին պայմանները: Քոլէճի 30 ամեակին առիթով Զօհրապ Ղազարեան յիշեց քոլէճի նախկին տնօրէնները, որոնք իրենց շունչը, ոգին ու իտէալները որպէս աւանդ ձգած են յաջորդող սերունդներուն: Ապա, ան անդրադարձաւ զանազան մարզերու մէջ քոլէճի աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն արձանագրած պատուաբեր արդիւնքներուն, յաջողութիւններուն ու տիրացած մրցանակներուն, շեշտելով որ այս բոլորը մեծ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կը պատճառեն քոլէճի բոլոր հարազատներուն: Տնօրէնը նշեց 2014-15 տարեշրջանի ընթացքին քոլէճին մէջ կատարուած բարգաւաճումները, ինչպէս՝ միջնակարգի դասարաններուն փոխգործօն գրատախտակներով օժտուիլը, «Ժան Ապաճեան Գրադարան»ի բացումն ու ստեղծած հետաքրքրութիւնը, Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած մրցանքներու եւ ձեռնարկներու շարքը եւ մէկ ու կէս միլիոն խունկի հատիկ հաւաքելու արշաւը, որ եզրափակուեցաւ քոլէճի բակին մէջ զետեղուած յուշակոթողի բացման հանդիսութեամբ:
Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ հօր, Սրբազան հօր, Ազգային իշխանութեան ուսումնական խորհուրդին, եւ տնօրէնութեան կողքին գտնուող բոլոր կազմերուն՝ խնամակալութիւն, տիկնանց յանձնախումբ, շրջանաւարտից միութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողներ ու բարեկամներ ու խօսքը եզրափակեց ըսելով .-«Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի հիմքը զօրաւոր էր կառուցման առաջին իսկ օրէն, որովհետեւ հիմնադիրները ճիշդ սկզբունքներով ու տեսլականով դրած էին անոր հիմերը եւ այդ իսկ պատճառով է, որ մենք կրցանք կառուցել, մեծցնել եւ ուռճացնել. Աշխատանքը տակաւին չէ աւարտած, միասնաբար աշխատելով պիտի հասնինք նոր նուաճումներու: Կը մաղթեմ, որ քոլէճի ոչ թէ միայն 30, այլ 130րդ ամեակը տօնեն մեր ժառանգորդները, սակայն ոչ թէ սփիւռքի, այլ հայրենի հողին վրայ»:
Գեղարուեստական բաժնով մերթ ընթ մերթ հանդէս եկաւ CODA Music եռեակը, Հրաչ եւ Իզապէլ Իսահակեաններու նուագակցութեամբ եւ Մարի Քրիստինի երգեցողութեամբ:
Խօսք առաւ Քոլէճի շրջանաւարտ եւ խնամակալութեան ատենապետ Պրն. Յովիկ Կէօզիւպէօիւքեան, որ գոհունակութեամբ յայտնեց, որ քոլէճի 30ամեակը լի է կրթական յաջողութիւններվ եւ յառաջդիմութեամբ, նշելով, թէ բարեկամներու աջակցութեամբ կարելի եղած է ամբողջացնել քոլէճի՝ նախորդող ընթրիքներուն ներկայացուած շինարարական ու բարգաւաճման ծրագիրները ի շահ հայաշունչ ու արդիական մեթոտներով դաստիարակութիւն ստացող աշակերտին: Առ այդ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր բարեկամներուն:
Գեղարուեստական դադարով մը, քոլէճի նախկին ուսանողուհիներէն Ցոլին Գարճիքեան ներկայացուց հայկական նազպար մը:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը, որ շնորհաւորեց քոլէճի 30 ամեակը, իր գնահատանքը յայտնելով տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, խնամակալութեան , ծնողներներուն ու աշակերտներուն եւ մաղթելով որ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները մասնակից դառնան հայկական կառոյցներու հզօրացման աշխատանքին. Վեհափառ հայրը խօսքը ծնողներուն ուղելով ըսաւ.-«Ձեր զաւակները վստահեցէ՛ք հայ դպրոցին, հայ դպրոցը մեզի համար սովորական դպրոց մը չէ, մենք բոլորս հայ դպրոցի աշակերտներ եղած ենք, հայու ոգին ստացած ենք , ուրիշ դպրոցներ հայու ոգին չեն կրնար տալ եւ այդ ոգին է որ մեր մէջ վառ կը պահէ հայութեան կրակը, հայութեան հաւատքը, հայութեան պայքարն ու տեսիլքը»: Կաթողիկոսը խօսքը եզրափակեց գնահատելով բոլոր հայ դպրոցները եւ մաղթելով, որ իրենց կոչումին գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ եպս. Փանոսեան, խօսք առնելով հաստատեց, թէ այսօրուան պատասխանատուներն ու աշակերտները ժառանգորդներն են քոլէճի 30 տարուան ա՛յն վաստակին, որու միջոցաւ քոլէճը ինքզինք հաստատած ու փաստած է հայ կեանքէն ներս եւ ծառայած հայ մատղաշ սերունդներու դաստիարակութեան, Փառք տալով Աստուծոյ, որ կրթական կեանքէն ներս կան՝ վաղուան համար ծրագրողներ ու տեսիլք ունեցողներ, որոնք կը փորձեն զանոնք իրագործել, հայ նորագոյն սերուդներու առողջ դաստիարակութեան ի խնդիր: Ան մաղթեց, որ ներկաները՝ գնահատելու համար քոլէճին մէջ տարուող աշխատանքը եւ աջակցելու համար հայ աշակերտին ի նպաստ կատարուող ծրագիրներուն, առատաձեռն գտնուին, որպէսզի պատասխանատուները յաւելեալ համարձակութեամբ ծրագրեն ու տեսնեն ապագան: Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ քոլէճի նորանոր յաջողութիւններով աւելի եւս ճոխանայ համայնքի կեանքը, ու 30 ամեակին յաջորդեն նորանոր ամեակներ:
Ընթրիքի աւարտին ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ, որոնցմէ գոյացաւ 55 հազար Ամ. Տոլար, իսկ քոլէճի շրջանաւարտ ու խնամակալ՝ Քրիստիան Մանուկեան, խոստացաւ մինչեւ 2015-16 տարեշրջանի աւարտը, իր նիւթական թէ մադուժի ներդրումով, 2 յարկ եւս կառուցել, քոլէճի գրասենեակներու բաժանմունքին վրայ: