2016- 2017 Տարեշրջանի Վերամուտ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր, 2016–ին, Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճը, 32-րդ վերամուտի սեմին, գրկաբաց ընդունեց իր մեծ ընտանիքը:

Տարեսկիզբի ազդանշանը տուող առաջին զանգին, աշակերտները սրահին մէջ հաւաքուեցան, ու սրահը լեցուցած իրենց դասընկերներուն հրամցուցին վերամուտի առիթով պատրաստուած կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը:

Թ. դասարանէն Կալի Աւագեան ընթերցեց բացման խօսքը, բարի վերամուտ մաղթելով բոլորին, ապա, քոլէճի նախակրթարանի երգչախումբը հանդէս եկաւ «Մեր Լեզուն» եւ «Ազգ Իմ Փառապանծ» երգերով, խանդավառութիւն ստեղծելով աշակերտներուն մօտ:

Իններրոդ դասարանէն Բալենի Ստեփանեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծական կտորը, որմէ ետք քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան խօսք առնելով ու 2016-17 կրթական տաեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարելով բարի վերամուտ մաղթեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի մեծ ընտանիքին, շեշտելով, որ աշակերտ – ուսուցիչ, ծնողք միացեալ աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել կրթական նորանոր յաջողութիւններ: Տնօրէնը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ աշակերտները ինչպէս միշտ, այս տարի եւս իրենց նեցուկ պիտի ունենան իրենց ուսուցիչները, որոնք ջանք ու ճիգ պիտի չխնայեն օգնելու աշակերտներուն, յաղթահարելու իրենց դէմ ցցուող դժուարութիւնները եւ հասնելու իրենց երազներուն, միաժամանակ կազմաւորուելով իբրեւ լաւ մարդ ու լաւ հայ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ քոլէճի բոլոր ուսուցիչներուն, որոնց աշխատանքին շնորհիւ քոլէճը յաջող արդիւնքներ կ՛ապահովէ կրթական թէ ազգային դաստիարակութեան մակարդակով:

Ապա իր խօսքը եզրափակելով, տնօրէնը ըսաւ. «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» նշանաբանով առաջնորդուած, աշխատինք ամրապնդել Հայաստանի անկախութիւնը ու մեր ներդրումը ունենանք անոր հզօրացման գործընթացին մէջ, մինչեւ որ ամէնքս, բախտաւոր օր մը համախմբուինք մեր հայրենի երդիքին տակ»:

Իր խօսքի աւարտին, տնօրէնը բեմ հրաւիրեց քոլէճի Ա.-է Ժբ. կարգերու նորեկ աշակերտները, որոնք կուգային Հայկական թէ օտար, վարժարաններէ, շեշտելով՝ թէ այս աշակերտները «նորեկ» կը կոչուին միայն վերամուտի օրը եւ ապա կը դառնան քոլէճի ընտանիքի հարազատ անդամները, մնացեալ աշակերտներուն նման, իրենք եւս իւրացնելով քոլէճի պատկանելիութեան զգագումը եւ բարձր պահելով իրենց քոլէճի անունը, թէ՛ կրթական ու թէ՛ ազգային կեանքէն ներս:

Ապա, խօսք առաւ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ ողջունելի նկատեց վերամուտի առաջին իսկ օրէն ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրը եւ այդ մէկը երաշխիք նկատեց յառաջիկային արձանագրուելիք յաջողութիւններուն:

Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես հայկական վարժարանին մէջ հասակ առնող սերունդին, յաջողութիւն մաղթեց քոլէճին ու ծնողներուն յանձնարարեց շարունակել հաւատալ հայ դպրոցի առաքելութեան, որովհետեւ հայ դպրոցներու բարգաւաճումով է, որ ազգային կեանքը պիտի շէննայ ու յառաջդիմէ:

Վերամուտի առիթով, քոլէճի տիկնանց Յանձնախումբի անդամուհիները, յատուկ նախաձեռնութեամբ մը հայկական տառերով զարդարուած կարկանդակներ եւ օշարակ հիւրասիրեցին աշակերտութեան:

Նշենք, որ Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբերին, քոլէճի աշակերտութիւնը վերամուտի առիթով Սուրբ Հաղորդութիւն պիտի ստանայ Քոլէճի սրահին մէջ:


Categories: