الصف الخامس/آلات موسيقية

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ե. Դասարան- Նուագարաններ
Արաբերէնի դասագիրքին մէջ, Ե. դասարանի աշակերտները առիթը ունին ծանօթանալու երաժշտական նուագարաններու։ Որպէսզի իրենց դասը աւելի գործնական դառնայ՝ ուսուցչուհին աշակերտներէն պահանջած էր նուագարաններ բերել (անոնք, որոնք կը նուագեն) եւ ցոյց տալ իրենց դասընկերներուն։ Իսկ անոնք, որոնք չեն նուագեր, պէտք էր պատրաստէին նուագարաններ։
Այդպէս ալ եղաւ. Երեքշաբթի օր, աշակերտները ցուցադրեցին իրենց իսկական եւ ձեռային աշխատանքի նուագարանները. ապա՝ անոնք իջան սրահ, ուր երաժիշտ աշակերտները գեղեցիկ համերգ մը հրամցուցին իրենց դասընկերներուն:


Categories: