11 Յունիս 2015-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին իւրայատուկ խանդավառութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի նախակրթարանի աշակերտները տօնեցին իրենց վարժարանին 30-ամեակը: Բեմը հայկական արուեստի գործերով ու երաժշտական գործիքներով զարդարուած էր, իսկ սրահը լեցուն էր ծնողներով, հիւրերով ու աշակերտներով: Փոքրիկներուն ոգեւորուածութիւնը կարելի էր նկատել իրենց կատարումներուն եւ կայծկլտացող աչքերուն մէջ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլէճի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց նախակրթարանի աշակերտ Սերգէյ Ունանեան: Ան յայտնեց, որ դպրոցը երեսնամեայ երիտասարդ մըն է, որ տակաւ առ տակաւ մեծցած եւ դարձած է գաղութի առաջատար հայկական վարժարաններէն մէկը: Ան իր խօսքի աւարտին հաստատեց, որ շնորհիւ Աստուծոյ, տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմի անխոնջ աշխատանքներուն` դպրոցը նորանոր յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ:
Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ նախակրթարանի աշակերտները ինքնավստահ եւ ուրախ երգեցին ու պարեցին: Անոնք իրենց երգերով ու պարերով կը գովերգէին հայրենիքը, բնութիւնն ու մանկութիւնը: Տարբեր համ ու հոտ ունէր հայկական ժողովրդական երգաշարի` «Ելայ մթին», «Պու-պու», «Համոն», «Հինգ էծ ունեմ», «Լորիկ» եւ «Ճախրակ մանող» կատարումները: Մեծապէս ոգեւորիչ էին Հայաստանին եւ հայկական բանակին նուիրուած պարերը: Գեղեցիկ էր նաեւ «Զինուորի երդում» երգին մեկնաբանութիւնը:
Փոքրիկներուն աշակերտական ու բեմական կեցուածքը, տարազներու ներդաշնակութիւնը, համարձակ պարը եւ ուրախ երգը միահիւսուելով` բեմը դարձուցած էին գունաւոր աշխարհ մը, ուր իշխողը մանկական անմեղ ժպիտն էր, բայց մանաւանդ` սէրն ու կապուածութիւնը հայ մշակոյթին:
Հանդիսութեան աւարտին աշակերտները երգեցին «Կիլիկիա» եւ «Հայաստան» երգերը, իսկ «Հայաստան, Արմենիա» պարով փակեցին հանդիսութիւնը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ դպրոցի տնօրէն Զօհրապ Ղազարեանը: Ան ըսաւ, որ հայ դպրոցը կ՛ենթադրէ հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ու արժանաւոր քաղաքացիի կերտում: Ապա հաստատեց, որ բարձր կրթական մակարդակի կողքին, քոլէճը կը յատկանշուի հայեցի կրթութեամբ, եւ թէ` ուսումնական տարեշրջանի բոլոր օրերը Եղիշէ Մանուկեան քոլէճին մէջ կ՛անցնին հայաշունչ եւ ուրախ մթնոլորտին մէջ:
Ան նկատել տուաւ, որ երեսուն տարիէ ի վեր շրջանաւարտ սերունդներ, շնորհիւ քոլեճին, յաջողած են իրականացնել իրենց երազները ու դառնալ արժանաւոր քաղաքացիներ ու հայ ազգին նուիրեալ հայեր: Զօհրապ Ղազարեան նշեց, որ քոլեճը հպարտութեամբ պիտի շարունակէ իր երթը` պահպանելով հայ լեզուն ու մշակոյթը, բայց մանաւանդ` ուրախ մթնոլոտը:
Աւարտին, ան խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ու ծաղկեփունջերով պատուեց ուսուցիչներ` Գայեանէ Մարկոսեանին, Անի Կոստանեանին եւ Հուրի Քէշիշեանին, որոնց տարած տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղած է պատրաստել հանդիսութիւնը: