Տիկնանցի Տարեկան Պտոյտ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

  Տիկնանցի Տարեկան Պտոյտ
   Համբարձման Տօնին առիթով՝ Հինգշաբթի, 17 Մայիսին, վարժարանի Տիկնանց Յանձնախումբը գարնանային պտոյտ մը կազմակերպեց  դէպի Պեքաա։
Աւելի քան 125 ծնողներ եւ բարեկամներ նախ այցելեցին Քըֆրայայի գինիի գործարանը, ապա՝ Լիթանի գետի Քարունի ամբարտակը, ուր նաեւ նաւապտոյտ ունեցան։
Պտոյտին վերջին կայանը Այնճարի «Արեւ» ճաշարանն էր, ուր խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ճաշեցին եւ հաճելի պահեր անցուցին:


Categories: