Պապիկեան Մրցանք

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Խաչիկ Պապիկեան Մրցանք
       Ն. Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ՝ երկրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան»Ֆոնտի հայերէնագիտութեան մրցանքը, որուն մասնակցեցան Լիբանանի տարածքին գտնուող հայկական բոլոր վարժարանները։ Մասնակցող վարժարաններուն կարգին էր Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճը, որուն աշակերտները փայլուն արդիւնքներ ունեցան։
Մրցանքը ունէր հայերէնի, հայոց պատմութիւն/կրօնի եւ ասմունքի բաժանումներ՝ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն համար։ Մեր վարժարանի աշակերտները յաջողեցան հայերէնի եւ հայոց պատմութեան չորս մրցանքներուն երեքին առաջնութիւնը ապահովել հետեւեալ ձեւով.-
Միջնակարգի հայերէն                       Ա. մրցանակ՝    Նաթալի Մարկոսեան
Միջնակարգի հայոց պատմութիւն/կրօն   Ա. մրցանակ՝  Բալիկ Պալապանեան։
Երկրորդականի հայոց պատմութիւն/կրօն Ա. մրցանակ՝  Քրիստափոր Օգնայեան
Յիշատակութեան արժանացան նանոր Գալայճեան եւ Խաժակ Կէօքճեան։
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 2 Յունիսին կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին սրահին մէջ։


Categories: