Շուշիի Ազատագրում

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Շուշիի Ազատագրման
Նուիրուած Ձեռնարկ
     Ուրբաթ, 4 Մայիսին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի աշակերտական խորհուրդի Մշակութային եւ Հայ Դատի խմբակները կազմակերպած էր շարք մը ձեռնարկներ՝ նուիրուած Շուշիի ազատագրման 20ամեակին։
Ձեռնարկներու բացումը տեղի ունեցաւ առաւօտեան դրօշակի արարողութեամբ։ Բարձրացաւ Արցախի դրօշակի ու հնչեց «Հիմն Արցախի»ն։ Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին Լոռի գանթարճեան եւ Նայիրի Սասունեան։
Ձեռնարկներու շարքին էր նաեւ  ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած Արցախի։ այս ցուցահանդէսին տեղադրուած էին Արցախի  բնաշխարհին, պատմական վանքերու, վրանորոգուած մայրաքաղաքին, բանակին եւ ազատամարտիկներու նկարներ։ Ցուցադրուած էր նաեւ Արցախի մանրատիպը։ Բոլոր աշակերտները առիթը ունեցան այցելելու ցուցահանդէսը։
Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտները, իրենց կարգին, մասնակցեցան պատի թերթի պատրաստութեան մրցումի մը։ Անոնք խանդավառութեամբ աշխատեցան՝ պատրաստելու համար լաւագոյնը։
Վերջին երկու պահերուն, երկրորդականի աշակերտութեան շահեկան  դասախօսութիւն մը տուաւ Պրն. Բենիամին Պչաքճեան՝ «Արցախի Ներկայ Իրավիճակը» նիւթով։ Անոր յաջորդեց նոյն թեմայով զարգացման մրցում մը:


Categories: